Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ մէկ տարիով պիտի երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը 37 տարեկան խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ Մոտրիչի գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յունիսին:
Ընթացիկ տարեշրջանին, Մոտրիչ իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին մասնակցած է 38 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած 6 էսիսթ:


