Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Արուեստի

April 7, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ինչպէս Իտալիան Պաշտպանեց Իր Արուեստը Նացիներէն
– Ֆրանսական Տան Մը Նստասենեակին Մէջ Յայտնաբերուած Է Պրիւկելի 500-Ամեայ Նկարը

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ինչպէս Իտալիան Պաշտպանեց
Իր Արուեստը Նացիներէն

«Տիսքոպոլուս»-ի տաղաւարը «Ազատագրուած Արուեստ. Պատերազմէն փրկուած գլուխգործոցներ, 1937-1947» ցուցահանդէսէն, Հռոմ

Պատմութիւնն այն մասին, թէ ինչպէ՛ս փրկուած են արուեստի գործերը եւ մշակութային այլ գանձերը Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, շատ մարդոց մտքին մէջ ամրագրուած է The Monuments Men-ի հռչակին եւ անոր դերի հոլիվուտեան տրամայացման շնորհիւ: Այդ մէկը հիմնական ներդրում ունեցաւ, բայց իրականութիւնը վստահաբար շատ աւելի բարդ ու նրբերանգ էր եւ կը ներառէր շատ աւելի մանրամասնութիւններ` ամբողջ Եւրոպայի մէջ:

Այս օրերուն Հռոմի մէջ տեղի ունեցող յուզիչ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս իտալացիները պաշտպանած են իրենց ժառանգութիւնը աւերիչ հակամարտութեան տարիներուն: Ասիկա այժմէական վերլուծութիւն է անհատական եւ համայնքային ջանքերուն, խիզախութեան եւ հեռատեսութեան, այն պահուն, երբ եւս մէկ անգամ Եւրոպայի այլ վայրերու մէջ մշակութային վայրերն ու հաւաքածոները վտանգուած են:

Պատկեր` ցուցասրահէն

Scuderie del Quirinale-ի մէջ ցուցադրութիւնը կը սկսի մտահոգիչ փաստաթուղթէ` Հերման Կիորինկի հաւաքածոյի ձեռագիր գրացուցակէն. բացուած է անկէ էջ մը, ուր թուարկուած են Թիցիանի, Պոտիչելիի, Թինթորեթոյի եւ Վերոնեզէի աշխատանքները, ի թիւս այլոց: Անկէ ետք ցուցադրութիւններու միջոցով անդրադարձ կը կատարուի հիմնական պատմողական երեք կէտերու. գանձեր թաքցնելը նացիներէն, շէնքեր եւ արուեստի որոշ գործեր ռմբակոծութեան սպառնալիքէ պաշտպանելը եւ վերականգնումը պատերազմի աւարտէն ետք: Ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի նաեւ տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, ուստի կը ցուցադրուին Թուրինէն, Պոլոնիայէն, Ֆլորանսէն, Վենետիկէն, նոյնինքն Հռոմէն եւ Նափոլիէն, ինչպէս նաեւ այլ կեդրոններէ գողցուած եւ այնտեղ պահպանուած աշխատանքներու օրինակներ:

Յատկանշական է, որ ամբողջ ցուցահանդէսի ընթացքին կիրարկուած են ցուցադրութեան երկու արդիւնաւէտ ռազմավարութիւն: Ցուցադրուող նկարները եւ արուեստի այլ գործերը սովորական ձեւով չեն դրուած պատշաճ կերպով ներկուած պատկերասրահի պատերուն դիմաց, այլ` փայտերու դիմաց, որոնք նախատեսուած են յիշել տալու այդ ժամանակուան փաթեթաւորման պատեանները` սնտուկները, որոնց մէջ անոնք կա՛մ պահուած են, կա՛մ առաքուած` Գերմանիա: Յատկապէս հզօր է նաեւ պատմական ժապաւէններէ պատկերներու եւ ընդլայնուած վաւերագրական լուսանկարներու օգտագործումը, որոնց մէջ ցուցադրուած են արուեստի գործերը:

«Տիրամայրն ու որդին հրեշտակներու հետ», մօտ 1474, Փիերօ Տելլա Ֆրանչեսքա, Մարչէի ազգային պատկերասրահ

Ներառուած են քանի մը հիանալի, բայց թերեւս ոչ յատկապէս յայտնի նկարներ, ինչպիսիք են` Մորացոնէի «Վուլքանի դարբնոցը» (The forge of Vulcan) (1599 թուականէն ետք, Փինաքոթեքա (պատկերասրահ) տել Քասթելլօ Սֆորցեսքօ, (Միլան) եւ Կուերչինոյի «Սանթա Փալացիա»-ն (1658, Փինաքոթեքա Սիվիքա, Անքոնա): Այնտեղ կան նաեւ աւելի բարձր մակարդակի գլուխգործոցներ, որոնց կարգին` Փիերօ Տելլա Ֆրանչեսքայի «Սենիկալիայի Տիրամայր»-ը (Madonna di Senigallia) (մօտ 1474, Մարչէի ազգային պատկերասրահ, Ուրպինօ): Այս նկարը Ճորճիոնէի «Թեմփեսթա»-ին հետ միասին պահուած էր Փասքալ Ռոթոնտիի (1909-1991) մահճակալին տակ, որ Մարչէի վերակացու էր եւ գործերը գաղտնի պահելու ջանքերու հերոսներէն մէկը: Ան մեղադրուած էր գանձերը թաքցնելու համար 1940 թուականէն սկսեալ եւ ստեղծեց գաղտնի ու ապահով պահեստանոցներ` Վերածնունդի դարաշրջանի ամրոցներու մէջ, ինչպէս` Փեզարոյի մօտ գտնուող Rocca di Sassocorvaro-ի եւ Մոնթեֆելթրոյի Palazzo dei Principi di Carpegna-ի մէջ: Վենետիկի մէջ գտնուող գործերը, ինչպէս, օրինակ, Սան Մարքոյի Pala d՛Oro-ն, կը պահուէին այս ժամանակաւոր պահեստանոցներուն մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, մօտ 10.000 գանձեր փրկուեցան Ռոթոնտիի արտասովոր եւ մինչեւ վերջերս չյայտնաբերուած ջանքերու շնորհիւ:

«Տանէի», Թիցիան, 1544-1545

Թիցիանի «Տանէի»-ն (1544-1545, Museo e real Bosco di Capodimonte, Նափոլի) ցուցահանդէսին զգայացունց վերջաբան մը կը ներկայացնէ: Այդ մէկը գողցուած էր 1943 թուականին, կախուած էր Կիորինկի ննջասենեակին մէջ եւ վերականգնուած` 1947 թուականին: Վերածնունդի դարաշրջանի նման նկարներ գերակշիռ ներկայութիւն են ցուցադրութեան մէջ, բայց այլ առարկաներ եւս ներառուած են, ինչպէս` հնութիւններ, քանդակներ, գորգանկարներ, մայոլիքա, գիրքեր, ձեռագիրներ, կլոպուս եւ երաժշտութիւն: Ցուցադրուած ամենահեղինակաւոր հնագոյն գործը սպիտակ մարմարէ «Տիսքոպոլուս»-ն է (սկաւառակ նետող), որ յունական պրոնզի կրկնօրինակն է (երկրորդ դար, Romano-Palazzo Nazionale Romano-Palazzo Massimo alle Terme, Հռոմ): Անով կը հիանար Հիթլերը, որ զայն կը համարէր «արիական» մարմնակազմութեան իտէալական օրինակ, եւ 1938 թուականին անոր լուսանկարը Պաւարիոյ մէջ անոր հետ միասին կը կազմէ քանդակի ներկայացման նախապատմութիւնը: Տարի մը առաջ Մուսոլինի խախտած էր Իտալիոյ արտահանման օրէնքները, որպէսզի ապօրինի կերպով այդ մէկը վաճառուէր Գերմանիոյ. մարմարը ի վերջոյ կը վերադառնայ Իտալիա, 1948 թուականին:

«Տիսքոպոլուս» (Բ. դար), Հռոմ

Ցուցահանդէսը արտասովոր է եւ ազդու` որպէս վաւերագրական նախագիծ եւ ոգեկոչման ու շնորհակալութեան քայլ: Օրերու ընթացքին եղած է խճողուած: Շատ մը այցելուներ լուռ կը մտածէին թէ՛ կորուստներու ահռելի, թէ՛ գոյատեւման անձնուրաց հաշիւներու մասին:

«Ազատագրուած արուեստ. պատերազմէն փրկուած գլուխգործոցներ, 1937-1947» ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի Scuderie del Quirinale-ի մէջ, մինչեւ ապրիլ 10-ը:

ՔՐԻՍԹՈՖԸՐ ՊԷՅՔԸՐ

Աղբիւր` Apollo Magazine

Ֆրանսական Տան Մը Նստասենեակին Մէջ
Յայտնաբերուած Է Պրիւկելի 500-Ամեայ Նկարը

Փիթըր Պրիւկել Կրտսեր, «Ժողովուրդի իրաւաբանը», 1615-1617:

Փիթըր Պրիւկել Կրտսերի 500-ամեայ նկարը յայտնաբերուած է հիւսիսային Ֆրանսայի ընտանիքի մը նոր տան նստասենեակին մէջ, երբ անոնք տուն հրաւիրեցին արուեստի գործերու գնահատող մը` որոշելու տան որոշ իրերու արժէքը: Այդ կտորը վաճառուած է Փարիզի «Տակեր» աճուրդի տան մէջ 850 հազար տոլարով, երեքշաբթի յայտնած է «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը:

«Մտայ հեռատեսիլի այն փոքր սենեակը, որ այնքան ալ լաւ լուսաւորուած չէր: Սկսայ կատարել իմ գնահատումներս սենեակին մէջ եւ նայելով դռան ետեւը` տեսայ նկարի մը երկու երրորդը», «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին կ՛ըսէ Մալօ տը Լիւսաք, որ «Տակեր» աճուրդի տան գնահատողներէն մէկն է: «Եւ այդպէս ես յայտնաբերեցի նկարը: Անակնկալ էր»:նաէ

Կ՛ենթադրուի, որ «Ժողովուրդի իրաւաբանը» նկարը ստեղծագործուած է 1615-1617 թուականներուն եւ կը ներկայացնէ Պրիւկել Կրտսերի ամենայաջող նմուշներէն մէկը: Իր կենդանութեան օրօք ան այս նկարէն 20 օրինակ պատրաստած է տարբեր ձեւաչափերով: Նկարին մէջ պատկերուած են գիւղացիները, որոնք կարգի կեցած են փաստաբանը տեսնելու համար` տանելով իրենց հետ հաւկիթներ եւ թռչուններ, անոր բարի շնորհներուն հասնելու յոյսով: Նկարը նաեւ անուանուած է «Տուրքահաւաքի գրասենեակ», որովհետեւ ոմանք նկարը մեկնաբանած են որպէս տեսարան, ուր գիւղացիները կը վճարեն իրենց տարեկան տուրքը:

Փիթըր Պրիւկել Աւագ, Հոլանտական առածներ, 1559:

Փիթըր Պրիւկել Կրտսերը եւ անոր հայրը` Փիթըր Պրիւկել Աւագը, երկուքն ալ ֆլամանտական(1) վերածնունդի (1500-1600) կարեւոր գործիչներ էին: Պրիւկել Աւագը յատկապէս ռահվիրայ գործիչ էր, որ կը ստեղծէր մեծ եւ աշխուժ տեսարաններ, ուր կը պատկերուէր գիւղացիական կեանքը: Ի տարբերութիւն իր նախորդներուն եւ ժամանակակիցներուն` ան չէր նկարեր դիմանկարներ կամ կրօնական թեմաներ: Պրիւկել Կրտսերը կը հետեւէր հօրը` գիւղական կեանքը պատկերելով, թէեւ Կրտսերը նաեւ կը նկարէր կրօնական տեսարաններ, ինչպէս նաեւ` որոշ անկենդան բնութիւններ (still life)(2):

Still life-ի արուեստի նմուշ մըրաններ, ուր կը պատկերուէր գիւղացիական կեանքը:

Աղբիւր` ARTnews.com

(1) Ֆլամանտական արուեստ – Ֆլամանտական գեղանկարչութիւն հասկացողութիւնը կը վերաբերի 15-17-րդ դարերուն մէջ արտադրուած ստեղծագործութիւններուն այն տարածաշրջանին մէջ, ուր այսօր ժամանակակից Պելճիքան է:

(2) Still life- արուեստի գործ, որ ցոյց կու տայ աշխարհէն բնական կամ մարդու կողմէ շինուած անշունչ առարկաներ, ինչպիսիք են պտուղը, ծաղիկները, եւ/կամ անօթները, ինչպիսիք են զամբիւղները կամ թասերը:

Նախորդը

Ակնարկ. Դամասկոսի Նախապայմանները

Յաջորդը

«Սփիւռքի Տարի 2023»… Եւ Քեսապ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Հակիրճ Ակնարկ` Շարժապատկերի Երեւանեան Հակիրճ Ժապաւէններու Փառատօնին Շուրջ

August 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.