Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակիրճ Ակնարկ` Շարժապատկերի Երեւանեան Հակիրճ Ժապաւէններու Փառատօնին Շուրջ

August 3, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Յունիս 25-29-ին Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանի կարճամետրաժ ֆիլմերու 9-րդ միջազգային կինոփառատօն»-ը: Ցուցադրուեցան շուրջ 20 վ տեւողութեամբ 39 գործեր, որոնցմէ 15-ը` «Ազգային մրցոյթ» վերնագիրին տակ: Օտար երկիրներէն սպասելիօրէն միայն Իրանն ու Ռուսիան մասնակցած էին մէկէ աւելի (2 կամ 3) գործերով: Ժապաւէններու զգալի տոկոսը ուսանողական աւարտաճառեր եւ կամ առաջնեկ աշխատանքներ էին: Բեմադրիչներու եւ, ինչպէս կողքի լուսանկարները ցոյց կու տան, հանդիսատեսի, որուն մեծ մասը հաւանաբար նոյնինքն 39 բեմադրիչներէն են, մեծ տոկոսը իգական սեռին կը պատկանէր (1):

Ցաւօք անգամ մը եւս կազմակերպող մարմինն ու հայ մասնակցողներու գրեթէ բոլորը պարզապէս անտեսեցին ժապաւէնները դիտելու իմ կրկնուող խնդրանքներս: Ծանուցումներն ու ակնարկները կը յուշեն, որ աչքերը սեւեռուած են Արեւմուտքի շուկաներուն եւ նիւթական նպաստներու վրայ: Նկատել, որ որմազդները անգլերէն լեզուով են: Այս հանգամանքին անդրադարձած եմ: Կողքի լուսանկարները  ցոյց կու տան նաեւ, որ հետաքրքրութիւնը յոյժ սահմանափակ է Հայաստանի մէջ.  բացարձակապէս չգոյ` արտասահմանի: Չեմ հանդիպած որեւէ ակնարկի` հայ թէ օտար: Ձեռնարկը դրական է այն առումով, որ ծանօթացումի յաւելեալ առիթ կը ներկայացնէ սկսնակ բեմադրիչներու: Որմազդի ելարանը թերեւս այս առումով խորհրդանշական է: Բարի՛: Անհատական անդուլ ջանքերով յաջողած եմ դիտել 4 ժապաւէն: Փա՛ռք Տիրոջ:

Ա.- Օտար ժապաւէններու մէջ առկայ բներգներ.- Տիրական են` ցաւը, կորուստը եւ անհատական յարաբերութիւնները: Խորհրդաւոր անցեալի որոնում  եւ այլն: Թուայնականութիւնը ներխուժած է որպէս լիովին Արհեստական բանականութեամբ արտադրուած ժապաւէն` ինքնաշարժի մահացու արկածի մը բներգով:  Ծնողք ու զաւակի յարաբերութիւններուն մէջ հետաքրքրական էր կիպրական ժապաւէնը, որ շրջած է յունական ծանօթ «Իկարուս» առասպելը: Որդին այստեղ ոչ թէ կը թռչի դէպի կիզիչ արեւ, այլ կը սուզուի ովկիանոսի ահաւոր խորք` տպաւորելու համար իր սգաւոր սուզակ հայրը…

Բ.- Հայկական ժապաւէններ, որոնք չեմ յաջողած դիտել` այն շարքով, որ յայտնուած են փառատօնի կայքին վրայ.-

«Ցտեսութիւն երէկ» (Goodbye Yesterday – Մնաս բարի, երէկ) Սաթենիկ Ճաւոշեան, խաղարկային աւարտաճառ: Ալցայմըրի կանուխ շրջանին մէջ գտնուող հերոսուհին տակաւ կը հեռանայ իրականութենէն, իր ընտանիքէն:

«Աղ» –  Տաթեւ Ասատրեան.- Հակաբարերկրական (dystopia) «զուգահեռ իրականութեան» մէջ կատարուող  գիտաերեւակայական ժապաւէն, որուն հերոսուհին կը պայքարի ե՛ւ իշխող համակարգի ե՛ւ իր երեւակայական աշխարհի դէմ: Կը թուի` հոգեբանական, թերեւս  քաղաքական-այլաբանական գունաւորումով (2):

«Դու ինձ դեռ սիրում ես, այդպես չէ՞, հայրի՜կ» – Մարինա Սոլոյեան: Հերոսուհիին հայրը առանց բացատրութեան կը լքէ տունը: Երիտասարդուհին (նոյնի՛նքն բեմադրիչը) հեծանիւով կը շրջի այն վայրերուն մէջ, ուր յաճախ կ՛այցելէր հայրը: Բեմադրիչը ժապաւէնը կը նկարագրէ որպէս «ընտանեկան յիշողութեան բացայայտում»:

«18-րդ գարուն» – Մենուա Յովհաննիսեան, Անդրանիկ, որ կ՛ակնկալէր իր 18-ամեակի առանձնայատուկ օր դառնալը, խոր յուսախաբութիւն կ՛ապրի:

«Լամուի արձագանգները».- Արշակ Խաչատրեան, վաւերագրական: Կը ներկայացնէ նկարիչ մը, որ ափրիկեան Լամու կղզի կ՛երթայ «մանուկներու ձայները եւ արուեստը դիտարկելու որպէս ազատութեան ձեւ»:

«50 օր».- Ելիզաւետա Այվազեանի: Անպատասխանատու երիտասարդուհի մը ինքնաշարժի արկածի կ՛ենթարկէ անծանօթ մը: Խուճապահար կը հեռանայ իրեն հետ գիւղի հօրենական տուն, ուր կը դիմագրաւէ իր անցեալն ու  արարքին հետեւանքները:

«Դորայի դեղին կօշիկները».- Գոհար Սարգսեան, վաւերագրական: Բեմադրիչի 84-ամեայ տատիկ Դորա, որ ապրած է պատերազմ, կորուստ եւ տեղահանութիւն, կը պահպանէ իր ներքին ուժն ու արժանապատուութիւնը:

«Ամենագեղեցիկը».- Աշոտ Ժամկոչեան, ուսանողական: Ժաննա կը հաւատար, որ տղամարդը ատակ է զինք ամբողջական դարձնել: Որոնումը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ «լիարժէքութիւնը  չի կարելի ստանալ ուրիշից»:

«Ջութակը».- Եւա Սուքիասեան: Ընտանիքի հայրը իր ամբողջ աշխատավարձով կը գնէ ջութակ, որպէսզի պատժէ դրացին ու անոր դաշնակահար աղջիկը: Բախումը կը յանգի երգիծական անհեթեթի:

«Ռեւերի».- Սամուէլ Թադեւոսեան: Հերոսը մէկ գիշերուան ընթացքին կը շրջի ներկայի եւ անցեալի արձագանգներու միջեւ: Իրական թուացող բաներ կը սկսին հեռանալ:

«Փափայա».- Հրաչ Սիմոնեան: Ամաչկոտ երիտասարդը տարօրինակ մրգավաճառ կնոջմէ մը կը գնէ հրաշագործ փափայա, որ դուրս կը բերէ իր թաքուն ինքնավստահութիւնը: Փափայա կը թուի մեղմաբանութիւն ըլլալ:

Գ.- Ժապաւէններ, զորս յաջողած եմ դիտել.-

Ա.  «Մայրենիք».- Գոռ Առուշանեան, 21 վ  խաղարկային: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջին ժամերն են: Ձայնասփիւռը կը ծանուցէ, թէ հարկ է լքել նախքան յաջորդ առաւօտ: Կը տեսնենք ճաքած, անջատուող հողի խորհրդանշական պատկեր: Գիւղի բնակիչները իրենց միջոցներով կը հեռանան: Անտէր մնացած շուն մը պատին վրայ  կը սպասէ… Սրունքէն վիրաւոր ու հաշմուած վեթերան Արամի մայրը շարժելու անկարող եւ խելակորոյս կը ձեւացնէ, որպէսզի որդին չկարենայ զինք փոխադրել: Ինքնաշարժին վրայ բեռցուած է լոկ մէկ-երկու ճամպրուկ եւ իր այգիի ծիլերու թաղար մը (բացատրե՞մ): Արդէն երեկոյ է: Արամ կը փորձէ իր հարեւաններէն օգնութիւն ստանալ մարմնեղ մայրը (պատմական ծանր ժառանգութիւնը) կրելու համար, բայց կը հանդիպի միայն սարսափահար արիւնլուայ կնոջ մը: Գետնին կը տեսնենք հատուած ցուցամատ մը` ազերի խժդժութեան ցուցանիշ: Արամ կեանքը փրկելու բնազդով կը լքէ մայրը եւ կը սկսի հեռանալ: Ելեկտրական ցողերու շարքը կ՛երկարի դէպի հորիզոն, դէպի սահման, դէպի անդարձ բաժանում: Ինքնաշարժի հայելիէն կախ խաչը կ՛օրօրուի, ինչպէս` յանդիմանող ցուցամատ: Արամ կը կանգնի եւ…  Անդամալոյծ ձեւացնող մայրը նստած է դրան սեմին եւ կը դիտէ խորհրդանշականօրէն մայր մտնող կարմիր, ջերմ արեւը: Մայր ու որդի իրար գրկած` իրենց տան շեմին կը դիմագրաւեն դառն աւարտը: Կը յայտնուի մութ ստուերներու խումբ մը: Չարը արդէն այդտեղ է: Ծխախոտի լոյսով պահ մը կը տեսնենք ազերի զինուորի այլանդակ ժպիրհ…

«Մայրենիք» նկարահանուած է Կապուտան գիւղին մէջ, բնակիչներու գործօն մասնակցութեամբ: Ժապաւէնին մէջ առկայ են  խորհրդանշական ծանր ակնարկներ: Բանակայինը, օրինակ, ի սկզբանէ հաշմուած է: Մայրը, որ ինչպէս ժապաւէնի վերնագիրը ակնյայտօրէն կ՛ակնարկէ, կը նշանակէ «Մայրենիք», մինչեւ աւարտական տեսարան ե՛ւ ֆիզիքական ե՛ւ մտաւոր առումով անկարող կը թուի (2): Ժապաւէնը ունի սպառնացող կործանման (բեմադրիչի բառերով` apocalyptic (Ս.Գրային Յայտնութիւն Յովհաննու) գոյժ-զգուշացումի ցնցող բնոյթ:

Բ.- «Ռոբինսո՞ն».- Մարիանա Մովսիսեան, խաղարկային 20 վ : Վարդան «50-ը անց» տղամարդ է, որ անփոփոխ օրակարգով կ’ապրի իր խորհրդանշական անունով «Ռոբինզոն» ձկնիկին հետ: Կ՛աշխատի որպէս անվտանգութեան պաշտօնեայ: Իր դէմ ունի պաստառ (monitor), ուր կը տեսնուին քամերաներու անընդմէջ նկարածները, զորս, ինչպէս եւ իր առօրեան, Վարդան կը նկատէ տաղտկալի: Իր ուշադրութիւնը յանկարծ կը գրաւէ գրադարանապահ կարմրազգեստ կինը, որ ինքնամոռաց կը պարէ առանձին: Կ՛ուղղուի դէպի ծանօթ վայրը, ուր նոյն կինը  սպիտակազգեստ է եւ զգօն: Պատկերը կը դառնայ մտասեւեռում: Երազ-երեւակայութեան մէջ Վարդան դուրս կու գայ առանձնութենէն եւ կը պարէ ազատ ոչ միայն կարմրազգեստ կնոջ, այլ նաեւ իր շրջապատի մարդոց հետ: Որպէս աւարտաճառի աշխատանք`  ուշագրաւ է, սակայն կան հարցականներ.- Ինչո՞ւ աշխատավայի պատուհանը թափանցիկ է դէպի փողոց, իսկ տան պատուհանը` անթափանց դէպի «հայաթ», որմէ եկող ձայները միայն կը լսենք: Ինչո՞ւ գրադարանապահուհին ունի երկփեղկուած նկարագիր: Ինչո՞ւ կը պարեն սեւամորթներու յատկանշական «Պլուզ» սեռի  «Black Coffee and cigarettes» (Mighty Mo Rodgers 2011), որուն բներգը բոլորովին այլ է: Ռոպինսոն Քրուզօ սկզբնական գաղութարար դրամատիրութեան այլաբանական նախատիպն է: Ցաւօք այդ, ինչպէս Տոն Քիշոթ, եւ` ոչ միայն, Հայաստանի  մէջ յաճախ կը գործածուին որպէս դիւրաճանաչելի սխալ կարծրատիպեր:

Գ.- «Տեղահանում» (Expulsion – արտաքսում) Երուանդ Ռումեան, 22 վ վաւերագրական: Կը ներկայացնէ 14 նոյեմբեր 2020-ին Քարվաճառը լքելու աղէտը: Բացման պաստառը կ՛ըսէ.   «Տառապանքը կը ծնի յարատեւութիւն, իսկ յարատեւութիւնը` յոյս»: Առաջին պատկերին մէջ կին մը կը դիտէ իր տան հրկիզումը: Ամէնուր հեռացող ինքնաշարժներ եւ սպիտակ ծուխեր: Աւերակուած դասարան մը:  Անտէր շուն մը կը սատկի: Սեւ գուշակութիւն: Յիշողութիւններ ուրախ օրերու` մկրտութիւն, խնճոյք… Դժուար է համակերպիլ անասելի կորուստին: Շփոթ մտքեր: Բոցեր, բոցեր: Տարագիրներ իրենց հետ կը տանին լուսանկարներ, ափ մը հող, սրուակ մը ջուր եւ գերեզմանաքարեր: Աճիւնները կը թաղուին: Վկայութիւններ: Ինչպէ՞ս կարելի է կեանքը շարունակել այլուր:

Կեանքը շարունակւում է.- Մերի Վարդանեան, վաւերագրական:Կը ներկայացնէ բեմադրիչին ծննդավայր Ջրարբի աւանի անմխիթար իրավիճակը: Բարդ գեղարուեստական ժապաւէն: Բացման տեսարանին մէջ ինքնաշարժը կ՛ուղղուի դէպի մթութիւն: Հորիզոնի վրայ յանկարծ կը տեսնենք հրավառութիւն: Ամանորի գիշեր է: Ուրախ խրախճանք` մթութեան մէջ: Տագնապահար նորածին խոզուկներ: Արիւնոտ ձեռքերով տղամարդ: Խորհրդանշական խոզուկները տօնական խորոված պիտի դառնան: Մօտէն դիտուած ժրաջան մրջիւններու բոյլ մը: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ բանի են: Կցում.- Երկու տղամարդ լքուած ու կողոպտուած պետական ելեկտրասիւնին զուգահեռ իրենց սարքովի գիծը կը հաստատեն: Տատիկ մը բանջարանոցին մէջ հունտեր կը ցանէ կռացած: Լքուած, մինակ ծերունիներ: Խելագարած պապիկ մը կ՛արդարացնէ զինք լքած որդին. «Ե՛ս եմ տարել հեռու տեղ… բայց կը գայ… կը գայ»: Դժուար է հաշտուիլ ցաւոտ իրականութեան հետ: Աղոտ յուշեր` բացակայ հօր: Բացակայ տղամարդոց լուսանկարներուն վրայ խոշոր լալաներ եւ վերջին նամակներ: Մանուկներ կը փորձեն փոշոտ փողոցի  մէջ զուարճանալ: Կը քաշքշուին հասարակ խաղալիքի մը համար: Մենք չենք տեսներ վարժարան: Քաղցկեղէ տառապող երիտասարդուհիի մը կ՛ըսէ, թէ բուժուած է: Մենք կը տեսնենք խեղճուկ «բուժկէտ»-ի դուռ մը, բայց չենք մտներ ներս: Աւարտական տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք նորածին մը տատիկի գրկին եւ կանուխ հասունցած հաստատակամ պատանի մը: Կեանքը, այո՛, կը շարունակուի, բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ գնով: Բեմադրիչը ունի նկարիչի գերազանց աչք եւ խորհրդանշական պատկերներու կցումով (մոնթաժ) զուսպ, թելադրող շարժապատկերի լեզու: Կը մաղթեմ, որ առիթ ունենայ երկարամեթրաժ ժապաւէններ բեմադրելու:

Հուսկ բանք.- Վերը որոշ մանրամասնութեամբ յիշուած ժապաւէններէ հինգը` «Իկարուս», «Մայրենիք», «Ռոբինսոն», «Տեղահանում» եւ «Կեանքը» կը շարունակեն մրցանակներ ստացան: Այդ կը նշանակէ, որ իմ եւ դատական կազմի ընտրութիւնները շատ հեռու չեն իրարմէ: Շա՛տ բարի: Թէեւ կը նշանակէ նաեւ, որ որակաւոր ժապաւէններու բեմադրիչները աւելի ատակ են արժեւորելու ակնարկ մը, որ պիտի հրապարակուի սփիւռքի մէջ:

Ցուցադրուած գործերու մեծամասնութեան բներգները բեմադրիչներու անհատական մասնայատուկ տագնապներն ու տուայտանքներն են: Այդ շատ հասկնալի է Արեւմուտքի մէջ: Նուազ հասկնալի` Հայաստանի, որ կանգնած է գոյութենական վտանգի եւ արեւելումի բախտորոշ երկընտրանքի առաջ:

—

1.- Գիւմրիի մէջ հանդիսատեսը աւելի ստուար է, որովհետեւ այդտեղ է նաեւ Երեւանէն եկած նկատառելի թիւ մը:
2.- Համացանցի վրայ առկայ է լոկ ԵՐԳՉՈՒՀԻ Տաթեւ Ասատրեան: Եզրակացութիւնը ընթերցողին կը ձգեմ:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Անդունդ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Մեր Թաղի Լուտֆիկը

July 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.