Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վակներ» Պախմութի Քաղաքապետարանին Վրայ Բարձրացուց Ռուսիոյ Դրօշը. Քիեւ. «Տակաւին Քաղաքին Կը Վերահսկենք»

April 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Վակներ» զինուորական խմբաւորման զինեալները երէկ Ռուսիոյ քաղաքապետարանին վրայ բարձրացուցին Ռուսիոյ դրօշը: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

«Վակներ»-ի հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին յայտարարեց, որ իր ուժերը քաղաքը «իրաւական իմաստով» առած են իրենց վերահսկողութեան տակ, սակայն ուքրանական բանակը պնդեց, թէ Պախմութը տակաւին կը գտնուի իր վերահսկողութեան տակ:

Ուքրանական բանակի սպայակոյտը դիմատետրի ճամբով յայտնեց. «Թշնամին Պախմութի վրայ իր յարձակումը չդադրեցուց, սակայն ուքրանացի պաշտպանները քաջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն քաղաքը եւ թշնամիի բազմաթիւ յարձակումներ ետ կը մղեն»:

«Վակներ»-ի հիմնադիրը յայտնեց, որ ուքրանական ուժերը տակաւին քաղաքի արեւմտեան մասերուն մէջ կը գտնուին:

Հրապարակուեցաւ տեսերիզ մը, որ Պախմութի քաղաքապետարանին վրայ Ռուսիոյ դրօշի բարձրացումը ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ Փրիկոժինը, որ ռուսական դրօշը բարձրացուցած է, ինչպէս նաեւ գրութիւն մը. «Սիրո՛վ Վլատլեն Թաթարսքի»:

Վերջինս Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան ամէնէն բուռն կողմնակիցներէն եղող զինուորական լրագրող մըն է, որ կիրակի օր Ս. Փեթերսպուրկի հին կեդրոնին մէջ «Սթրիթ-Պար» սրճարանի մը մէջ ականի մը պայթումին զոհ գացած էր: Պայթումին պատճառով 32 վիրաւոր արձանագրուած էր: Ճաշարանը կը պատկանէր «Վակներ» խումբի հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինին: Ականը տեղադրուած եղած է արձանիկին մէջ, որ պլոկըրին փոխանցած են երեկոյի ընթացքին:

Ռուսական իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ ձերբակալած են այդ դէպքին մեղսակցութեան հարցով կասկածելի 26 տարեկան Տարիա Թրիփովան, որ Ս. Փեթերսպուրկի բնակիչներէն է:

Նախորդը

Էրտողան. «Մեր Դռները Փակ Են Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Առջեւ»

Յաջորդը

Ըստ Պաշտօնական Փեքինի. Մաքրոն 5-էն 7 Ապրիլ Չինաստան Պիտի Այցելէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.