Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Լիվըրփուլը, անոր դէմ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Խուլիան Ալվարեզ (27-րդ), Քեւին Տը Պրույնը (46-րդ), Իլքայ Կիւնտողան (53-րդ) եւ Ճեք Կրիլիշ (74-րդ), իսկ Լիվըրփուլի միակ կոլը նշանակեց եգիպտացի Մոհամետ Սալահ (17-րդ):
Այսպիսով, Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա իր կազմին հետ արձանագրեց իր 100-րդ յաղթանակը:
Ասիկա ամէնէն արագն էր «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ` 128 մրցումէ ետք:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Արսէն Վենկերի, որ Արսենալի հետ 139 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 100 յաղթանակ` իր դաշտին վրայ:
Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Սալահ 1986-1987 տարեշրջանէն ետք դարձաւ Լիվըրփուլի առաջին խաղացողը, որ տարեշրջանի մը ընթացքին չորս մրցումի ընթացքին չորս կոլ կը նշանակէ նոյն մրցակիցին դէմ:
Վերոնշեալ տարեշրջանին Իան Ռաշ Էվըրթընի դէմ կոլ նշանակած էր հինգ մրցումի ընթացքին:
Բացի ասկէ, ան գերազանցեց Մայքըլ Օուընի մրցանիշը, հանդիսանալով Լիվըրփուլի պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը, որ 55 կոլ կը նշանակէ մրցակից խումբերու դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն:


