Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տնտեսական Բարեկարգումներու Պատրաստութիւնը Պարտականութիւնս Է, Սակայն Երբ Յուսալքում Կայ, Պատասխանատուն Կրնայ Նահանջ Արձանագրել» Շեշտեց Շամի

April 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն Լիբանան այցելութեան ընթացքին ինք զգուշացուցած է զանոնք, որ Լիբանանի մէջ անհրաժեշտ բարեկարգումները չգործադրելու պարագային, Լիբանան մուտք պիտի գործէ աւելի խոր եւ անժամկէտ տագնապի մէջ` աւելցնելով, որ խնդրած է Միջազգային դրամական ֆոնտէն աւելի իրապաշտ մօտենալ բարեկարգումներու գործադրութեան հարցին:

Շամի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը մշակած է տնտեսական եւ ելեւմտական մանրամասն եւ ընդարձակ ծրագիր մը, որուն համաձայն գտնուած է Միջազգային դրամական ֆոնտը:

«Այդ ծրագիրը 9 սեպտեմբեր 2022-ին յղուած է նաեւ խորհրդարան, սակայն մենք տակաւին կը լսենք յայտարարութիւններ, թէ կառավարութիւնը բարեկարգումի ոչ մէկ ծրագիր ունի: Այս մօտեցումը ինքնին կը վտանգէ երկրին ճակատագիրը», ըսաւ ան:

Շամի նշեց, որ Լիբանան տարի մը առաջ արդէն իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ յանգած է համաձայնութեան մը, որմէ գրեթէ ոչինչ գործադրած է:

Ան նկատել տուաւ, որ պատասխանատուներուն կողմէ բարեկարգումներու գործադրութեան զլացումը Լիբանանի հանդէպ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը կը չքացնէ, «հետեւաբար մենք կարիքը ունինք յաւելեալ ճկունութեան, որպէսզի վերահաստատենք երկրին հանդէպ վստահութիւնը», ընդգծեց Շամի:

Ան նշեց, որ լուծումները կարելի են, եթէ քաղաքական կամք գոյանայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը կը տառապի իր ապրուստը ապահովելու իմաստով, ինչպէս նաեւ կը դիմագրաւէ աննկարագրելի դժբախտութիւններ, որոնք Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուին:

«Բարեկարգումները գործադրելու իմաստով ցուցաբերուած անհոգութիւնը մեզ կը յուսալքէ, եւ երբ յուսալքում կայ, ապա պատասխանատուն կրնայ նահանջ արձանագրել», յայտնեց Շամի:

Նախորդը

Կրիօ. «Լիբանանցիները Պէտք Է Միասնաբար Մտածեն, Որպէսզի Յառաջ Երթան Եւ Դուրս Գան Երկիրը Յուզող Այս Տագնապէն»

Յաջորդը

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.