Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրիօ. «Լիբանանցիները Պէտք Է Միասնաբար Մտածեն, Որպէսզի Յառաջ Երթան Եւ Դուրս Գան Երկիրը Յուզող Այս Տագնապէն»

April 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ «Շապաքէ» ծրագիրին երկրորդ փուլին մեկնարկը կատարելու ընթացքին հաստատեց, որ ինք հպարտ է, որ Ֆրանսա կ՛օժանդակէ այս համալսարանին, ուրկէ մեծ թիւով լիբանանցի երիտասարդներ շրջանաւարտ կ՛ըլլան:

Կրիօ նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը, որ դիտմամբ ստեղծուած է, պատճառ դարձած է, որ լիբանանցիները աղքատանան:

Միաժամանակ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է պաշտպանել իր քաղաքացիները եւ անոնց տարրական ծառայութիւնները տրամադրել, «եւ անշուշտ այս իրականութեան պատճառը անիկա չէ, որ մարդիկ ատակ չեն», աւելցուց ան:

Կրիօ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան մէջ կան պաշտօնեաներ, որոնք յանձնառու են իրենց աշխատանքներուն եւ զանոնք լաւ ձեւով կը կատարեն, «սակայն ներկայիս անոնք բաւարար նիւթական չունին, որպէսզի շարունակեն իրենց աշխատանքներն ու ծառայութիւնները», ըսաւ ան:

Կրիօ հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է միասնաբար մտածեն, որպէսզի յառաջ երթան եւ դուրս գան երկիրը յուզող այս տագնապէն:

Կրիօ ընդգծեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները` նշելով, որ լուծումները յստակ են: «Կան բարեկարգումներ, որոնք պէտք է գործադրուին: Տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին լուծումը դժուար չէ, սակայն ան կարիքը ունի քաղաքական կամքի: Պահանջուածը այն է, որ պետական հաստատութիւնները վերադառնան աշխատանքի, որովհետեւ լիբանանցիներուն ապրած տառապանքը անբնական է: Հաստատութիւնները անդամալուծուած են, նախագահական դատարկութեան փուլը կը շարունակուի, կառավարութիւնը ընթացիկ աշխատանքներու կատարման  կառավարութիւն է, եւ մարդիկ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ կը խուսափին», եզրափակեց Կրիօ:

Նախորդը

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Տագնապին Լուծման Միակ Ելքը Միջազգային Դրամական Ֆոնտն Է»

Յաջորդը

«Տնտեսական Բարեկարգումներու Պատրաստութիւնը Պարտականութիւնս Է, Սակայն Երբ Յուսալքում Կայ, Պատասխանատուն Կրնայ Նահանջ Արձանագրել» Շեշտեց Շամի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.