Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատած է Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու դիմումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Նշենք, որ այս շաբթուան սկիզբը Հունգարիոյ խորհրդարանը եւս վաւերացուցած էր այդ դիմումը: Այսպիսով, ՕԹԱՆ-ի անդամ բոլոր պետութիւնները վաւերացուցած են Հելսինքիի դիմումը, եւ Ֆինլանտան պաշտօնապէս կը դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ:
Թուրքիան եւ Հունգարիան դաշինքի միակ անդամ երկիրներն էին, որոնք երկար ժամանակ չէին վաւերացներ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու Հելսինքիի դիմումը:
Ֆինլանտայի նախագահ Սաոլի Նինիսթօ եւ վարչապետ Սանա Մարին յայտնեցին, որ իրենք Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան կը սպասեն:


