Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Անդրանիկ Ժողովի Գումարման 100-Ամեակին Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Շրջափակին Մէջ Պատանեկան Միութիւններու Դիւաններու Խորհրդանշական Ժողով

April 1, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 մարտ 1923-ին Ս Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գումարուած է ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան անդրանիկ ժողովը: Այս առիթով եւ ճիշդ 100 տարի ետք, շաբաթ, 25 մարտ 2023-ին միեւնոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու դիւաններու խորհրդանշական ժողովը:

Դաշնակցութեան քայլերգի երգեցողութենէն ետք ժողովին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ նշեց, թէ 100 տարի առաջ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հինգ պատանիներով ընթացք առած է միութեան անդրանիկ ժողովը, որ իրողապէս կանգ չէ առած, որովհետեւ սերունդէ սերունդ աշխատանքները շարունակուած են: Պոյաճեան հաստատեց, որ 100-ամեակը առիթ է արժեւորելու անցեալի գործունէութիւնը, մշակելու յառաջիկայ տասնամեակներու ծրագիրները եւ յարգանք մատուցելու բոլոր նուիրեալներուն, որոնք մասնակից դարձան միութեան երթի շարունակականութեան ապահովման:

Օրուան պատգամախօսն էր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց պատանեկան միութիւններու հիմնադրութիւնը: Ան ըսաւ, որ այսօրուան պատանիները ժառանգորդներն են անոնց, որոնք դժուարին պայմաններուն մէջ չմոռցան իրենց ազգային արժէքները, եւ որոնց պահպանման համար շատ սուղ գին վճարեցին` «Near East Relief»-ի ( ներկայիս «Թռնչոց բոյն») որբանոցէն դուրս դրուելով եւ տագնապալի օրեր ապրելով: Ան աւելցուց, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողները` պատանեկան միութիւններու հիմնադիր սերունդը, ունէր երկու ուսուցիչներ` Ստեփան Տարտունի եւ Հայկ Պալեան, որոնք առաջին դաստիարակներն էին, եւ որոնց շունչը մինչեւ այսօր կը փոխանցուի նորահաս պատանիներուն:

Տեմիրճեան հաստատեց, որ երբ որբերով կարելի է միութիւն ստեղծել ու պահել, ապա այսօրուան յարաբերաբար հանգիստ պայմաններուն մէջ պէտք է օրէ օր ընդարձակել գործելադաշտերը, առաւել եւս զարգացնել միջոցները եւ աւելի մեծ թափով ծառայել սերունդներու պատրաստութեան կարեւոր եւ անյետաձգելի գործին: Այս առիթով Րաֆֆի Տեմիրճեան կոչ ուղղեց պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն` շարունակելու 100 տարի ընթացք առած հիմնադիրներու ուխտը` նոր իրագործումներով, նոր ոճով եւ նոր յաջողութիւններով:

Ապա տեղի ունեցաւ երգեցողութիւն: Պատանիները երգեցին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» եւ «Գինի լից» երգերը:

Հարցեր եւ առաջարկներ բաժինին մէջ պատանի Մեղրի Սալպաշեան առաջարկեց, որ Ընդհանուր վարիչ մարմինը յառաջիկային կազմակերպէ 100 տարիներու ընթացքին միութեան զօրակցած եւ դաստիարակչական ծրագիրին մասնակցութիւն բերած մահացած եւ նահատակուած բոլոր վարիչներուն եւ պատասխանատուներուն յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն: Իսկ պատանի Դաւիթ Օհաննէսեան առաջարկեց, որ պատանիներու տարեկան բանակումին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն այլ երկիրներէ պատանիներ:

Խորհրդանշական ժողովը փակուեցաւ «Կամաւորներու քայլերգ»-ով:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Գարունը 21 Մարտին Կը Սկսի

Յաջորդը

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.