Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

March 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի շրջանի չորս գիւղեր` Մեծ Շէնը, Հին Շէնը, Եղցահողն ու Լիսագորը, արդէն չորս օրէ ի վեր կտրուած են Ստեփանակերտէն եւ Արցախի միւս բնակավայրերէն:

Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, շաբաթ օրը Լիսագորի հատուածին մէջ բարձունքի գրաւումից ետք ազրպէյճանական զինուժը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առած է այդ ճամբան` զրկելով արցախցիները այլընտրանքային միակ կապէն: Լաչինի միջանցքի շրջափակման աւելի քան երեք ամիսներու ընթացքին այս դժուարանցանելի ճամբով ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային մարդասիրական բեռներ կը տեղափոխուէին:

Արցախի միւս բնակավայրերէն կտրուած Լիսագորի համայնքապետ Գագիկ Նասիբեանի համաձայն, իրենց գիւղը ազրպէյճանցիներուն կողմէ կը դիտարկուի տակաւին 44-օրեայ պատերազմէն ետք: 73 բնակիչ ունեցող այս գիւղին մէջ ազրպէյճանական դիրքերու եւ գիւղի բնակիչներու տուներուն միջեւ հեռաւորութիւնը ընդամէնը քանի մը հարիւր մեթր է:

Ինչ կը վերաբերի Լիսագոր-Ստեփանակերտ ճամբու հատուածին մէջ ազրպէյճանական զինուժի շաբաթօրեայ յառաջխաղացման, ապա, ըստ Գագիկ Նասիբեանի, այդ հատուածը իրենցմէ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է:

Շուրջ 150 բնակիչ ունեցող Եղցահողի մէջ արդէն որոշակի խնդիրներ յառաջացած են դեղորայքի ձեռքբերման հարցին մէջ, մասնաւորապէս շաքարախտով հիւանդներու համար: Համայնքի ղեկավար Արտակ Յակոբեանի համաձայն, նաեւ ուսանողները Ստեփանակերտ չեն կրնար երթալ, կամ այնտեղէն գիւղ վերադառնալ:

Մինչեւ լեռնային ճամբուն փակուիլը Եղցահողը նոյնպէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք արդէն իսկ բաւական ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է: Համայնքի բնակիչներու տուներու եւ ազրպէյճանական դիրքերու միջեւ հեռաւորութիւնը այստեղ նոյնպէս ընդամէնը 500-600 մեթր է:

 

 

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Յաջորդը

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.