Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

March 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ սատարուած հակաշրջափակման AJR 1 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի 100-օրեայ շրջափակումը, ընդունուած է Քալիֆորնիոյ համագումարի (խորհրդարան) դատական յանձնախումբին կողմէ` երկկուսակցական ճնշող աջակցութեամբ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տեղական ղեկավարները ներկայ էին յանձնախումբի լսումներուն եւ ցուցմունք տուին ի պաշտպանութիւն բանաձեւի արագ ընդունման, որ կը վերահաստատէ Քալիֆորնիոյ կողմէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը, Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ շտապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու արցախահայութեան եւ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ պատասխանատուութեան ենթարկելու Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտութեան համար` կիրարկելով Պաքուին տրամադրուող ռազմական օգնութեան 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները:

«Սա խիզախ քայլ է` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, եւ Քալիֆորնիոյ հաւատարմութեան վերահաստատումը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին կը վկայէ մեր արժէքներու էութեան մասին` իբրեւ ամերիկացիներ եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ բնակիչներ», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Սան Ֆրանսիսքոյի ներկայացուցիչ Խաչիկ Թազեան դատական յանձնախումբին առջեւ: «Այս բանաձեւով եկէք համոզուինք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ մեր հարկային տոլարները թոյլ չեն տար Ազրպէյճանի նախայարձակումը հայ ժողովուրդին դէմ, քանի որ Ալիեւի վարչակարգը կ՛իրականացնէ այս ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան քիթին տակ»:

Հայ դատի յանձնախումբի Պըրպենքի մասնաճիւղի երկարամեայ ղեկավար Անդրանիկ Ջարչաֆճեան խօսած է ամերիկահայ համայնքին եւ շրջափակումէն տուժած Արցախի ժողովուրդին միջեւ խոր կապերուն մասին: «Արցախի 120.000 բնակիչներուն մէջ է իմ որդիս, որ ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ եւ տեղափոխուած Հայաստան` օգնելու գիւղական համայնքներուն: Անոր Հայաստան հասնելէն անմիջապէս ետք Ազրպէյճանը սկսաւ իր յարձակումին Արցախի վրայ, իսկ որդիս մնաց օգնելու տեղահանուած գաղթականներուն: Մինչեւ շրջափակումը, Ան կ՛ապրէր Արցախի մէջ` մարդասիրական աշխատանքով եւ դրամահաւաքով պատերազմէն տուժած համայնքներու համար: Հիմա ան կնոջ եւ մեր 16 ամսական թոռնուհիին հետ 100 օրէ աւելի շրջափակման մէջ են»:

Բանաձեւը կու գայ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ նախագահ Պայտընի վրայ ճնշումներու խորապատկերին վրայ, որպէսզի Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի հայ ժողովուրդին դէմ իր նախայարձակումին համար: Ներկայացուցիչ Ֆրենք Փալոնը, Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահներ Կաս Պիլիրաքիսը, Ատամ Շիֆը եւ Տէյվիտ Վալատաոն եւ Քոնկրեսի աւելի քան 80 գործընկերներ կ՛առաջնորդեն Ներկայացուցիչներու տան երկկուսակցական բանաձեւը (H.Res.108), որ կը դատապարտէ շրջափակումը եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու Արցախի 120.000 հայերու համար կենսականօրէն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը երաշխաւորելու համար: Անոնք զրկուած են սնունդէ, վառելիքէ եւ բժշկական պարագաներէ եւ այլ կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական ապրանքներ աւելի քան 100 օր սառցակալման պայմաններու մէջ:

AJR 1-ը քննարկման պիտի դրուի Քալիֆորնիոյ համագումարի նիստերու դահլիճին մէջ հինգշաբթի, 30 մարտ 2023-ին:

Նախորդը

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Յաջորդը

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.