Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատուաստներու Անհրաժեշտութիւնը

March 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած մարտ ամսուան դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 մարտ 2023-ին, «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

Դասախօսութեան նիւթն էր` «Պատուաստներու անհրաժեշտութիւնը մարդկային մարմինին համար»:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամներէն Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմութեան մէջ եւ դարերու ընթացքին մարդկութիւնը տառապած է հիւանդութիւններէ, որոնց պատճառով մահացած են հարիւր հազարաւոր մարդիկ: Փորձուած եւ ուսումնասիրուած պատուաստները մեծ դեր ունին կանխարգիլելու այս հիւանդութիւնները:

Օրուան դասախօսն էր «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տարիներու մանկաբուժ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան:

Ան անդրադարձաւ պատուաստներու անհրաժեշտութեան` կանխարգիլելու համար տարբեր հիւանդութիւններ: Ներկայացուց տարբեր տեսակի պատուաստները եւ շեշտեց, թէ պատուաստը ոչ միայն կը պաշտպանէ այն անձը, թէ պատուաստ կը ստանայ, այլ նաեւ` իր շրջապատը, մանաւանդ անոնք, որոնք դիմադրողականութիւն չունին: Պատուաստները մեր մարմնին մէջ կը յառաջացնեն հակամարմիններ:

Իր խօսքին աւարտին դասախօսը թելադրեց, որ նախընտրելի է պատուաստները ստանալ փոքր տարիքէն:

Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Մարկոսեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երկու Սիրտեր

Յաջորդը

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.