ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Ուրախ ու զուարթ քով-քովի նստած
Ընկուզենիին հովանիին տակ
Կ՛երգենք, կ՛երազենք երդիք մը սուտակ
Բոյն մը երջանիկ, սիրով պարուրուած
Նստած ժամերով այսպէս ծառին տակ
Մերթ սէր երգելով եւ մերթ լռելեայն
Եթերին յառած աչքերը մեր լայն
Իբրեւ սիրահար երկու աղաւնեակ:
Օտար ափ ինկած մենք երկու ճահել
Կապոյտ երկնքի վառ աստղերուն տակ
Բոյն մը կ՛որոնենք, մաքուր ու յստակ
Ու երդում կու տանք Աստուծոյ առաջ:
Մօտակայ գետի ջուրերուն հասած
Դողը մեր սրտին ձեռք-ձեռքի բռնած
Ի՞նչ օրեր արդեօք կը սպասեն մեզի
Փայլուն ապագա՞յ, թէ՞ կեանք վշտալի:
Տարիներ անցան, երբեք չգիտցանք
Թէ ծերութիւն կայ, վիշտ ու տառապանք
Սէրը մեր սրտին մխաց ու մխաց
Ինչպէս մոխրի տակ կայծը կը մխայ:


