Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

March 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Վեր. Եսայի Սարմազեանն էր: Կեանք մը ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց: Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութէն` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի 1970 տարիներուն:

Երիտասարդ, կորովի եւ կեանքով լեցուն պատուելին մեր պատանեկան տարիքէն դէպի երիտասարդութեան օրերուն պիտի ուղեկցէր մեզի, առաջնորդէր եւ մեր «անհանդարտութիւններուն» պիտի համբերէր… Բայց նոյնքան նաեւ իր ներդրումը պիտի ունենար Էշրեֆիէի «Ջանից» երիտասարդաց ընկերակցութեան մէջ, ուր ան  նշանակուած էր հոգեւոր առաջնորդ:

Պատուելին մեզի հետ էր: Դպրոցական դասապահերուն, պաշտամունքներուն, «Ջանից»-ի հաւաքներուն ու տակաւին` պասքեթպոլի մեր մրցումներուն: Ան միշտ ներկայ էր եւ իր կորովը կը բաժնեկցէր մեզի հետ, կը քաջալերէր մեզ մրցումներուն ընթացքին: «Նախ ձեր սիրտը նետեցէք ու ետքը` գնդակը, եւ տեսէք, թէ որքա՜ն կոլեր պիտի նշանակէք», կը կրկնէր:

Պատուելի Եսայիէն սորվեցանք, թէ ինչպէ՛ս մեր «սիրտերը» պիտի նետէինք: Եթէ մէկ կողմէ պասքեթպոլի կողովին, բայց շատ աւելի` կեանքին:

Եւ տարիներու թաւալումով պատուելիին հետ  միասին քալեցինք: Եկեղեցական, կրթական, միութենական, համայնքային, հրատարակչական ու շատ մը այլ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու իրականացման ճամբան կիսեցինք: Սորվեցուց մեզի եւ` առանց յոգնելու, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել ծառայել Քրիստոսին, եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին: Հպարտ քեսապցի էր, որուն կեանքը հոգեւորին եւ ազգայինին միաձուլումն էր, ուր ան կը տքնէր հայ երիտասարդին հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան համար: Սերունդ եւ առաջնորդ պատրաստելու իր ջանքը յստակ էր, եւ ան երբեք չդադրեցաւ  «ջանքի մէջ թուլասիրտ չըլլալու» իր կոչումին մէջ:

Աշխատեցանք եւ գործակցեցանք միասին, թէեւ ես Էշրեֆիէի հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ ու ան` Ամանոս, բայց եւ այնպէս ատիկա միայն աշխարհագրական դրուածք էր: Կային  կոչումը, նուիրումը եւ ծառայութեան գրաւականը, որ վեր էր ամէն տուեալներէ կամ աշխարհագրական տարբերութիւններէ:

Պատուելին եղաւ նաեւ Լիբանանի հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ եւ այդ ալ` լիբանանեան պատերազմի շատ դժուար օրերուն: Իր ամուր նկարագիրով ան յոյս եւ համբերութիւն բաշխեց չորս դին:

Եկաւ օրը, երբ պատուելին ստացաւ հրաւէր` ծառայելու Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Մեկնեցաւ Միջին Արեւելքէն, բայց սիրտը մնաց  հոս… Վերջապէս, իր ակունքներն  են, չէ՞: Ու տակաւին` իր հօտը, շրջանակը ու բոլոր անոնք, որոնք իրեն հետ մեծցան, եւ ինք մեծցուց զանոնք:

Կը հեռաձայնէր Քանատայէն եւ իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը կը յայտնէր իմ հրապարակագրական գործունէութեանս համար: Հեռաձայններուն մէջէն կար միշտ քաջալերանքը. «Հրա՛յր, շարունակէ գրել»:

«Լեռները իրարու չեն հանդիպիր, բայց մարդիկ` այո՛»: Միջինարեւելեան այս խօսքը շատ դիպուկ է: Հանդիպեցանք եւ` բաւական յաճախ: Հայաստան, Քանատա, Լիբանան ու` տակաւին: Ան մնաց մեր պատուելին, որ չէր մոռնար մեր անհանդարտութիւնները` «Ա՜խ, դուք, ա՛խ…»:

Բայց այդ «ախերուն» մէջ որքան սէր կար ու տակաւին` հպարտութիւն: Կը տեսնէր այն հունտերը, զորս ցանած էր, եւ անոնք ծիլ կու տային եւ տուած են: Եւ մենք չէինք մոռնար` միշտ զինք կանչելով «Պատուելի…»:

Յունուար 2023-ին Փասատինայի մէջ հանդիպեցայ Զապէլ Բրուտեանին եւ հարցուցի պատուելիին մասին: «Առողջութիւնը շատ քաջալերական չէ», ըսաւ ան:

Բարեւներս ղրկեցի: Բայց չէի գիտեր, որ այդ վերջինն էր եղեր:

Բայց կայ, տակաւին, «սիրտը»:

«Նախ ձեր սիրտերը նետեցէք եւ ետքը` գնդակը, եւ տեսէք, թէ որքա՜ն կոլեր պիտի նշանակէք»:

Սիրելի՛ պատուելի,

Դուն սորվեցուր մեզի, թէ կեանքի մէջ ո՛ւր պիտի նետենք մեր սիրտերը: Սորվեցուցիր մեզի, որ Քրիստոսի, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին կողովներուն համար պէտք է նետենք մեր սիրտերը, որպէսզի «կէտեր» շահինք: Շահինք «Կեանքը» ու նաեւ օգնենք, որպէսզի հաւաքականութիւններ շահին  նոյնը:

Վա՛րձքդ կատար, պատուելի՛: Ընկերակցեցար մեզի եւ նոյնքան առաջնորդեցիր մեր կեանքերը, որպէսզի տեսնենք, թէ ո՛ւր պէտք է նետենք մեր սիրտերը…

Եթէ տխուր ենք, որ ֆիզիքապէս մեկնեցար, բայց քաջ գիտենք, որ աւելի լաւ տեղ մը գացիր: Այն տեղը, որուն համար անդադար  քարոզեցիր եւ ապրեցար… անոր համար:

Պատուելի՛, արտօնէ ինծի, որ ես ալ ըսեմ քեզի. «Բարի պատերազմը պատերազմեցար, ընթացքը կատարեցիր եւ հաւատքը պահեցիր»:

Ցաւակցօրէն:

Եւ անպայմանօրէն` երախտագիտական զգացումներով:

Քուէյթ, 19 մարտ 2023

Նախորդը

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Յաջորդը

Էօզիլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.