Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին (,ԻՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.ե) կողմէ հրապարակուած ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային դասաւորման մէջ, տասը դասակարգերուն մէջ Հայաստան ունի վեց ներկայացուցիչ:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր` Արսէն Յարութիւնեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Աշխարհի բաժակակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, Եւրոպայի փոխախոյեան եւ պրոնզէ մետալակիր Արման Անդրէասեան (70 քկ)` չորրորդ դիրքը, իսկ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Արման Աւագեան (79 քկ)` 7-րդ դիրքը:
Մանուէլ Խնձրցեան (57 քկ) յայտնուեցաւ 20-րդ դիրքին վրայ, իսկ Հրայր Ալիխանեան (74 քկ)` 17-րդ դիրքին վրայ:


