Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիպրոսի Մէջ. Միքաթի Շնորհաւորեց Նախագահ Խրիսթոտուլիտեսը

March 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր ընդունուեցաւ Կիպրոսի նորընտիր նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի կողմէ:

Միքաթի շնորհաւորեց Խրիսթոտուլիտեսը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու եւ աշխուժացնելու հեռանկարները:

Խրիսթոտուլիտես հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են` աւելցնելով, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան բոլոր մարզերուն մէջ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:

Կիպրոսի նախագահը բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն ներկայութիւնը Կիպրոսի մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ կը զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու հարցին նկատմամբ լիբանանեան կեցուածքին, որովհետեւ այդ կեցուածքին գործադրութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան եւ Կիպրոս հարեւան երկիրներ են, եւ անոնց միջեւ շատ մը հասարակ յայտարարներ կան, յատկապէս զբօսաշրջական, ծառայութիւններու եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ գործակցելու առումով:

Նշենք, որ նախքան Կիպրոս մեկնումը, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիա: Քննարկուեցան Միքաթիի Վատիկան կատարած այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած իր հանդիպումին արդիւնքները:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Թեկնածութիւնները Յայտարարուելէ Ետք, Խորհրդարանը Պիտի Հրաւիրեմ Նիստի, Եւ Ո՛վ Որ Յաղթէ, Թող Յաղթէ»

Յաջորդը

Ամերիկեան Տոլարի Ոստումները Ցնցեցին Լիբանանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.