Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շի Ճինփինկ. «Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը Փեքինի Ռազմավարական Ընտրութիւնն Է»

March 22, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին Փեքինի ռազմավարական ընտրութիւնը նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ ամփոփած է երկու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումի արդիւնքները:

«Չին-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու զարգացումը Չինաստանի ռազմավարական ընտրութիւնն է, որ կը բխի սեփական հիմնարար շահերէն եւ աշխարհի վրայ գերիշխող միտումներէն», նախարարութիւնը շարադրած է Չինաստանի նախագահի յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը:

Շի Ճինփինկ նաեւ նշած է, որ Չինաստանը հաստատակամօրէն հաւատարիմ է Ռուսիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման ընդհանուր ուղեգիծին: Բացի ատկէ, երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած է «միտքերու խոր փոխանակում ուքրանական հարցին շուրջ»:

Ըստ հաղորդագրութեան, Չինաստանի ղեկավարը ընդգծած է, որ երկիրներուն մեծ մասը հաւանութիւն կու տայ լարուածութեան թուլացման, կողմնակից է խաղաղ բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ «դէմ է կրակի վրայ իւղ թափելուն»:

Կը նշուի, որ Շի Ճինփինկ Փութինին վստահեցուցած է, որ «Չինաստանը պիտի շարունակէ կառուցողական դեր խաղալ ուքրանական հարցի քաղաքական լուծման աջակցութեան գործին մէջ»: Չինաստանի ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահը Ռուսիոյ նախագահին հրաւէրով 20-22 մարտ պետական այցելութեամբ կը գտնուի Ռուսիա:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Չինաստանի նախագահը յայտարարած է, որ ան երկրի ղեկավարի պաշտօնին վերընտրուելէ ետք առաջին օտարերկրեայ այցելութեան համար ընտրած է Ռուսիան, որովհետեւ ատիկա կը համապատասխանէ պատմական տրամաբանութեան:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը մեծ տէրութիւններ ու ռազմավարական գործընկերներ են:

 

Նախորդը

Զուիցերիոյ Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Փրկել Երկրի Երկրորդ Մեծագոյն Դրամատունը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.