Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համամասնական Ցուցակը Զարդարողները Անձերը Չէ, Որ Պէտք Է Ըլլան, Այլ Գաղափարները» Կ՛Ըսէ Սպարտակ Սէյրանեան

March 16, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան Tert.am լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ մինչեւ այս շաբթուան աւարտը ՀՅԴ-ն իր համամասնական ցուցակը պիտի հաստատէ Գերագոյն մարմինի նիստին ընթացքին` զայն Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ ուղարկելու համար:

Սպարտակ Սէյրանեան յայտնեց, որ բացի ցուցակի հաստատումէն, պիտի որոշուին նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով հաւանական առաջադրումներու հիմնական սկզբունքները եւ այդ առաջադրումներու աշխարհագրութիւնը:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ ներկուսակցական նախընտրական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առայժմ ոչ պաշտօնապէս կը հրապարակուի, թէ տարբեր երգիչներ, մտաւորականներ պիտի մտնեն քաղաքական ուժերու ցուցակներ եւ ամէն ինչ կը կատարուի խումբը մրցակցային ցոյց տալու համար, Սպարտակ Սէյրանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան մէջ ընտրութիւններու նախօրէին այսպիսի հոլովոյթներ տեղի չեն ունենար:

«Որովհետեւ մենք ընտրութիւններու նախօրեակին չէ, որ պէտք է աշխատինք հանրութեան հետ եւ ամէնէն կարեւորը` այս կամ այն կուսակցութեան համամասնական ցուցակը զարդարողները անձերը չեն, որ պէտք է ըլլան, այլ գաղափարները եւ առաջարկներ են, որոնցմով տուեալ կուսակցութիւնը կ՛երթայ ժողովուրդէն քուէ ակնկալելու», նշեց Ս. Սէյրանեան:

Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ Դաշնակցութեան պարագային նաեւ նորութիւններ պիտի ըլլան, քանի որ կեանքը կը փոխուի եւ խնդիրները նոյնպէս կը փոխուին:

Ան աւելցուց, որ բնականաբար նոր անուններ պիտի ըլլան համամասնական ցուցակին մէջ, լաւ ծանօթ եւ հեղինակութիւն վայելող քաղաքական գործիչներ: Ան ընդգծեց, որ անոնք քաղաքական մարզէն պիտի ըլլան:

Սպարտակ Սէյրանեան համաձայն չէ այն տեսակէտին, որ Դաշնակցութեան մէջ եւս հասունցած է նոր շունչ մը, նոր մարդիկ ընդգրկելու հարցը` աւելցնելով, որ բոլոր ընտրութիւններէն առաջ Դաշնակցութիւնը երեւան կը հանէ նոր անուններ: Ըստ անոր, ասիկա բնականոն հոլովոյթ է, որեւէ կուսակցութեան մէջ միշտ տեղի կ՛ունենայ մարդուժի հոսք եւ Դաշնակցութիւնը քարացած վիճակի մէջ չի գտնուիր:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Կանաչներու Խմբակի Համանախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրէնքը «Ապուշ Եւ Տխմար» Կը Նկատէ

Յաջորդը

Հոլլանտ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Դրած Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.