Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Տեղքայլի Եւ Ժողովրդային Ընդվզումի Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանցի Պատասխանատուները Կը Փորձեն «Անմիջական» Քայլերով Կայունացնել Իրավիճակը

March 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի ընդունեց Միջազգային դրամակամ ֆոնտի պատուիրակութիւնը

Հակառակ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ չինական հովանաւորութեամբ գոյացած համաձայնութեան, Լիբանան տակաւին կը «տառապի», չըսելու համար` կը «տապլտկի» տնտեսական, ընկերային, ապրուստի, կենցաղային, առողջապահական, կրթական եւ «օրը նոր, տագնապը` նոր» հրատապ հարցերուն մէջ: Փաստօրէն, լիբանանցիներու յուսադրիչ եւ խոստմնալից փոփոխութեան լաւատես ակնկալութիւնները ցարդ «չծաղկեցան», եւ օր ըստ օրէ առաւել եւս հաստատուեցաւ, թէ տակաւին պէտք է տոկալ ու համբերել:

Այս գծով Հըզպալլայի պատասխանատուներէն երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ դիտել տուաւ, որ ակնկալուող բարեփոխումը պէտք է կատարուի «ներսէն», եւ արտաքին դրական փոփոխութիւնները կ՛արդիւնաւորուին տեղական մակարդակի վրայ ցուցաբերուող քայլերով:

Նոյն իմաստով կարելի է «ըմբռնել» մարոնիներու  Պշարա Ռայի պատրիարքին կոչը` քրիստոնեայ երեսփոխաններուն հասցէագրուած հրաւէրը` 5 ապրիլ 2023-ին Պքերքէի մէջ խորհրդածելու կացութեան փրկարար ելքերուն մասին:

Նմանօրինակ միտումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նիստ գումարելու յառաջիկայ երկուշաբթի:

Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախքան իր Կիպրոս մեկնումը տրամադրութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերուն նախարարաց սեղմ նիստ գումարելու` քննելու համար ծառացող հրատապ հարցերը:

Միքաթի իր կարգին երէկ  ընդունեց Միջազգային դրամակամ ֆոնտի պատուիրակութիւնը, որ այս առիթով վերահաստատեց Լիբանանին օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը` նախապայման նկատելով բարեկարգչական քայլերու գործադրութիւնը:

Մինչ այդ, նախագահական ընտրութեան քայլերը գրեթէ տեղքայլի մէջ են, գէթ տեղական մակարդակի վրայ: Այս գծով Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի տուած այցելութենէն գործնական որոշումներ ցարդ չպարզուեցան:

Միւս կողմէ, քաղաքական շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են Ազգային ազատ հոսանքին ուղղութեամբ, որ 26 մարտին Սին էլ Ֆիլի «Հապթուր» պանդոկին մէջ պիտի գումարէ իր տարեկան ժողովը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ խօսք առնելով պիտի պարզէ հոսանքին սկզբունքային կեցուածքները երկրի ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Գետնի վրայ սակայն իրողութիւնը տարբեր է եւ կացութիւնը օր ըստ օրէ կ՛ընթանայ դէպի ընդհանուր փլուզում: Արդարեւ, տնտեսական խիստ տագնապալի պայմաններու լոյսին տակ  զգալիօրէն աճած է գողութեան, անձնասպանութեան եւ այլ  յուսալքիչ ու տխուր  դէպքերու համեմատութիւնը:

Նմանապէս` երկրէն գաղթողներու համեմատութիւնը եւս բարձրացած է: Այս ծիրին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Պէյրութի օդակայանի ճամբորդներուն համար նոր կառոյցի մը հիմնարկէքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ:

Նոյնպէս տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ իր ընդվզումը արտայայտեց տոլարի սլացող սակագինին եւ սղաճին ու անոնց հետեւանքով ստեղծուող տագնապներուն գծով: Ան երէկ շարունակեց իր անակնկալ «այցելութիւնները» օրինազանց վաճառատուներուն, սակայն իր իսկ հաստատումով` երեւոյթը համալիբանանեան է եւ կը կարօտի քաղաքական ու տնտեսական խիստ քայլերու:

Այս բոլորի լոյսին տակ պետական պաշտօնեաները երկու շաբաթով կը շարունակեն իրենց գործադուլը:

Իսկ Պէյրութի կարգ  մը շրջաններուն մէջ (Խալտէ, նաւահանգիստի «Արտերկրի լիբանանցի»-ի յուշակոթողին մօտ…) որոշ ժամանակով փակուեցան ճամբաները:

Երէկ տոլարին սակը մէկ օրուան ընթացքին 13.000 լիբ. ոսկիի ոստում արձանագրեց սեւ շուկային մէջ` երեկոյեան հասնելով 123.000 հազար լիբ. ոսկիի: Նոյնպէս զգալի բարձրացում արձանագրեցին վառելանիւթերու սակերը:

Նախորդը

Քըրքաշ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արաբական Դերակատարութեան Աշխուժացման Ճամբով Սուրիոյ Իր Շրջապատ Վերադարձի Վերաբերեալ Կեցուածքը Յստակ Է»

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին Բժշկական Անվճար Օժանդակութիւն` Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան Կողմէ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.