Նախորդ շաբաթավերջին Փեթրովաք քաղաքին մէջ (Մոնթենեկրօ) մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութեան, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի վեց մասնակիցներէն յաղթանակ արձանագրեցին Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Փոլինա Քոպաք:
Աննա Սարգսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց, մինչ Էլինա Դանիէլեան-Սուսաննա Գաբոյեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մարիամ Մկրտչեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց ուքրանացի Իրինա Փեթրովայի դէմ եւ ապահովեց առաւելագոյն երկու կէտը:
Աննա Սարգսեան, որ պարտութեամբ սկսած էր, յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Էլինա Դանիէլեան:
Լիլիթ Մկրտչեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան եւ Փոլինա Քոպաք պարտութիւն կրեցին:
Նշենք, որ տիտղոսին համար կը պայքարին 35 երկիրներԷ 139 ճատրակ խաղացողներ` կատարելով 11 հանգրուանի մրցումներ:


