Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրընկալեց Ռեննը, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին քամերունցի յառաջապահ Քարլ Թոքօ Էքամպի (45-րդ) եւ ֆրանսացի յառաջապահ Առնօ Քալիմուենտօ (48-րդ):
Հիւրընկալ կազմէն ամբողջ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբապետ Քիլիան Էմպափէ եւ Լիոնել Մեսսի:
Մայրաքաղաքի կազմին կրած այս պարտութենէն մեծագոյն օգտուողը բնականաբար հանդիսացաւ անոր անմիջական մրցակիցը, երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ, որ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռեմսի դաշտին վրայ:
Մարսէյի այս յաղթանակը կերտեց չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեզ, որ տուպլէ մը իրագործեց (16-րդ եւ 29-րդ):
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 66 կէտ, իսկ Մարսէյ` 59 կէտ:


