Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, իր կազմին միացնելու համար Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի նորվեկիացի 22 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը, պատրաստ է վճարելու… 200 միլիոն եւրօ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Այս փոխանցումը իրագործելու համար փարիզեան ակումբը պիտի չերկարաձգէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ սպանացի յետսապահ` Սերճիօ Ռամոսի պայմանագրութիւնները, մինչ անոնց զուգահեռ պիտի ծախէ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
«Թրանսֆերմարքթ» Հաալանտի փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 170 միլիոն եւրոյով:


