Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն Մշակելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»

March 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Մաքասետ»-ի շրջանաւարտներու միութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լիբանան կրցաւ բացառիկ եւ իր արժէքներուն յարիր կեցուածք մը որդեգրել` Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին սկիզբը, երբ ան բացայայտ կերպով դատապարտեց այդ երկրին դէմ գործուած յարձակումն ու բռնարարքները:

«Այդ կեցուածքը Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամանք չէր` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կան բարեկամական պատմական յարաբերութիւններ: Այդ կեցուածքը սկզբունքային էր` նկատի ունենալով Լիբանանի մնայուն տառապանքը` Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ իր հողերուն վրայ օտար զինուորներու գոյութիւնը», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինչպէս աշխարհը արձանագրեց Լիբանանի կեցուածքը, երբ 1990-ին Քուէյթի դէմ յարձակումը գործուեցաւ, այսօր եւս Լիբանան արձանագրած է պատմական կեցուածք մը, որ բնաւ կասկածի տակ չ՛առնուիր:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ շրջանային մակարդակի վրայ տագնապներու լուծումը կարելի պէտք է դառնայ արաբական միացեալ շահերը ապահովող լուծումներով, յատկապէս Սուրիոյ, Եմէնի, Լիպիոյ եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին համար:

Ան աւելցուց, որ պէտք է մասնաւորաբար Լիբանանը նկատի ունենալ, որովհետեւ անիկա ամէնէն աւելի կ՛ազդուի արաբական աշխարհին դիմագրաւած բարդ տագնապներուն հետեւանքներէն:

Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ շրջանային այս բարդ պայմանները իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին վրայ: «Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն, որ ան կուրօրէն չտարուի աժան թշնամանքով, որ բոլորին համար ցաւալի կորուստներ պիտի պատճառէ, երբ քաղաքական հաշուեփակի ժամանակը գայ: Այսօր սէուտական-իրանեան համաձայնութեան աւետիսը աւելի քան ողջունելի է, որովհետեւ անիկա պիտի նպաստէ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումին, որ իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ յաջորդ փուլին ծաւալելիք շրջանային յարաբերութիւններուն վրայ», շեշտեց ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանանի արագ քանդումին եւ փլուզումին կասեցումը կարելի է ապահովել ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուելիք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիներն են, որոնք պէտք է ընտրեն հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ կը սխալի ան, որ կը մտածէ, թէ միջազգային հանրութեան հետաքրքրութիւնը Լիբանանի վրայ սեւեռած է:

Պու Հապիպ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ այսօր կայ համախոհութիւն այն առումով, որ ժամանակն է արդէն մշակելու սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձի ընթացագիծը` գործակցութեամբ միջազգային ընտանիքին:

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Համասի Ղեկավարութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Շրջանային Հարցերը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.