Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.200 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.925.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.971.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.827.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.297.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ճափոնի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ որոշած է Լիբանանին 2 միլիոն տոլար արժողութեամբ շտապ օժանդակութիւն մը տրամադրել` ապահովելու համար սննդեղէնի անվտանգութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն հաստատեց, որ զանոնք իրենց պաշտօններուն վրայ ամրապնդելու երթը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ անոնք մօտիկ ապագային իրենց իրաւունքները պիտի ստանան:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը կը շարունակէ խորհրդարանին հետ գործակցիլ` վաւերացնելու համար վերարտադրուող ուժանիւթի օրինագիծը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ընդունեց վառելանիւթ ցրուող կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց այդ մարզը պահպանելու, ինչպէս նաեւ սպառողները պաշտպանելու լուծումները:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին ուժանիւթի մարզի քայլերով, եթէ «Օժերօ»-ի սակերը վերատեսութեան չ՛ենթարկուին: Ան հաստատեց նաեւ, որ «Լիպանփոսթ»-ի ծառայութիւնները երկարաձգելու միտում չկայ` աւելցնելով, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը դժուարութիւն ունի այս մարզի ծառայութիւնը տնօրինելու:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատա կոչ ուղղեց հիմնելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրելու երկրին սահմանադրական գործընթացները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտին մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Սթեֆանիա Քրաքսին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ  Իտալիոյ Ծերակոյտը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ իտալական խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ` գլխաւորութեամբ Սթեֆանիա Քրաքսիի: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ ինք զօրակցութիւն պիտի յայտնէ գերիշխան եւ բարեկարգչական ոեւէ թեկնածուի, որ խորհրդարանին 65 քուէները կրնայ ստանալ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենք պիտի չդիւրացնեն, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Թեհրան որեւէ ձեւով Պաապտա վերադառնան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր գումարած ընթացիկ նիստին ընթացքին հաստատեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա առաջին քայլն է երկրին հետեւողական ու շարունակուող քանդումը կասեցնելու: Պլոքը նկատել տուաւ, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան իրենց զօրակցութիւնը ազգային իրապաշտ տեսանկիւնէ դիտուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն համար առաջնահերթութիւնը այն է, որ անոնք խօսակցին, որպէսզի կարենան յանգիլ երկիրը փրկելու իրականութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց կրթական մարզին առումով արագ լուծման մը յանգելու` աւելցնելով, որ կրթական մարզը հոգեվարքի մէջ կը գտնուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա եւ նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ երէկ այցելեցին յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեցին երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ կացութեան ընթացքին ժողովուրդին կողքին կանգնելու եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերը ապահովելու կարեւորութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան կը մօտենայ տնտեսական սեւ օրերու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած որեւէ մերձեցում Լիբանանի վրայ կ՛ունենայ իր դրական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կարիքը ունի որոշումներ տալու եւ հեռատես ըլլալու յանդգնութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ պատասխանատուութիւնը կը չափուի լիազօրութիւններով` աւելցնելով, որ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ տարբերութիւնը մեծ է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նասիֆ Հըթթի շեշտեց, որ ներկայիս Լիբանանէն պահանջուած է քաղաքական զինադուլ մը ստորագրել, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան նաւը ծովամոյն չդառնայ:

 

 

Նախորդը

Ճափոնցի Հայագէտ Դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէ Ներկայացաւ Հարցաքննութեան, Որ Այսօր Պիտի Շարունակուի

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.