
Լիպիացի ըմբոստներ իրենց լաւագոյն ուժերը մղեցին Պրիքայի ճակատամարտին, մինչ արեւմտեան օդանաւեր անոնց վերեւ թռիչքներ կատարեցին եւ պայթումներու ձայներ լսուեցան:
Ըմբոստները իրենց ուժերը կազմակերպելու փորձով մը «տագնապի յանձնախումբ» մը կազմեցին` Լիպիոյ նախկին ներքին գործոց նախարարը նշանակելով սպայակոյտի պետ: Պրիքայի մօտ կիրակի օր ըմբոստներուն կարգապահութիւնը արդէն նշմարելի էր: Կարգապահ ուժերը ստանձնած էին ճակատի առաջին գիծը, իսկ անկարգապահ կամաւոր ուժերն ու լրագրողները ճակատէն քանի մը քիլոմեթր հեռու պահուած էին: Ըմբոստները նաեւ ճակատ մղած են աւելի ծանր զէնքեր:
Քաղաքական գետնի վրայ, ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Ապտել Հաֆիզ Ղոկա «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ըմբոստներու շարժումը կ՛ուզէ վարչակարգի տապալումէն ետք երկրին մէջ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւն հաստատել: Ըստ անոր, Մոամմար Քազզաֆիի տապալումէն ետք հաստատուելիք կառավարութիւնը պիտի մերժէ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան բոլոր տարբերակները:
«Լիպիացիները ընդհանրապէս, եւ ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, քաղաքային ժողովրդավարութիւն մը կ՛ուզեն, ո՛չ բռնատիրութիւն, ո՛չ ցեղախմբապաշտութիւն եւ ո՛չ ալ բռնարարքի եւ ահաբեկչութեան վրայ հիմնուած վարչակարգ մը», ըսաւ ան:
Ղոկա նշեց, որ խորհուրդին ներկայ առաջնահերթութիւնը արտասահմանի մէջ ըմբոստներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը ամրապնդելը եւ ըմբոստ ուժերու կազմակերպուածութիւնը բարելաւելն է: Ան յայտնեց, որ Քազզաֆիի հետզհետէ աճող միջազգային մեկուսացումը, միջազգային ուժերու միջամտութիւնը եւ ըմբոստներու բարելաւուած մարտական կարողութիւնը կը նշանակէ, թէ Քազզաֆիի հեռացումը «օրերու հարց է»:
Մինչ այդ, յոյն պաշտօնատար մը նշեց, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապտել Աթի Օպէյտի Աթէնք հասած է` իրեն հետ բերելով Քազզաֆիէն պատգամ մը: Մամլոյ տեղեկութիւններ հաղորդեցին, որ ան ցամաքի ճամբով Թունուզ անցած է, ապա օդանաւով Յունաստան մեկնած:


