7 մարդ զոհուած է եւ 24 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ 9 մարտի երեկոյեան Համպուրկի «Եհովայի վկաներ» աղանդի տեղական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է կրակոց: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկացնէ` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Միջադէպը տեղի ունեցած է Ալսթերտորֆ շրջանին մէջ:
Ըստ «Համպուրկեր Մորկենսփոսթ»-ի, վիրաւորներէն 7-ին վիճակը կը գնահատուի ծանր: Յարձակողի դրդապատճառներն ու միջադէպի հանգամանքները առայժմ յայտնի չեն: «Էռ.Թէ.Էլ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Համպուրկի ոստիկանութեան կարծիքով` «Եհովայի վկաներ»-ու կեդրոնին մէջ կրակողը անձնասպան եղած է:
Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրը, վկայակոչելով քննչական մարմիններէն աղբիւրներ, հաղորդեց, որ «Եհովայի վկաներ»-ու կեդրոնին մէջ կրակոցի հեղինակը այս աղանդի նախկին անդամ է:
Ըստ հրատարակութեան, յանցագործը ծայրայեղականներու ցուցակին վրայ ընդգրկուած չէ եղած, նախապէս օրէնքի առնչուած խնդիր չէ ունեցած:


