Բեռնատարներու վարորդները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան ընդհանուր մաքսային վարչութեան առջեւ բողոքի ցոյց կատարած են: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ ազրպէյճանական պետական լրատու գործակալութեան, ցոյցի պատճառը այն է, որ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Իրանի մաքսատան աշխատակիցները բեռնատարներու վարորդներէն սահմանը անցնելու ընթացքին կաշառք կը պահանջեն եւ առանց հիմնաւորման օրերով զանոնք այնտեղ կը կանգնեցնեն: Ցոյցին մասնակցած է բեռնատարի աւելի քան 80 վարորդ:
«Պիլասուվարեան մաքսատան մէջ իրանցի մաքսաւորները ամէն անգամ մեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն եւ ամէն անգամ կաշառքի համար տարբեր գումարներ կը պահանջեն: Կ՛ըլլայ, որ Նախիջեւանէն Պաքու մեր ուղեւորութիւնը աւելի քան 800-1000 մանաթ կ՛արժէ: Անոնք կը սպառնան թմրանիւթեր նետել մեր մեքենաներուն մէջ, եթէ մենք կաշառք չտանք», կ՛ըսեն վարորդները` պահանջելով, որ այս հարցը լուծուի: Վարորդները կը մերժեն աշխատիլ, մինչեւ որ իրենց խնդիրները լուծուին: Ցոյցի մասնակիցներուն համաձայն, մինչ իրենք իրենց կարգին կը սպասեն, իրանեան եւ միւս օտարերկրեայ բեռնատարները առանց հերթի կ՛անցնին:
«Ճամբան, որ երկու օր կը տեւէ, այժմ 12 օրուան մէջ կ՛անցնինք», բողոքած են վարորդները:


