Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թոթալ». «Սեպտեմբեր Ամսուան Աւարտին Պիտի Սկսի Թիւ 9 Նաւթահորի Պեղումը»

March 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց «Թոթալ» ընկերութեան համադրող մարմինի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ նաւթահորերու պեղումի եւ նաւթի արտահանումի ընդհանուր տնօրէն Ռոման տը լա Մարթինեզի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաւթահորերու պեղումի, հորատումի եւ նաւթի արտահանումի աշխատանքներուն մէջ նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու թղթածրարները:

Համիէ հաստատեց, որ այս իմաստով պետական բոլոր վարչութիւնները պէտք է գործակցութիւն ցուցաբերեն, ինչպէս նաեւ օրէնքի շրջագիծին մէջ դիւրացնեն աշխատանքները:

Համիէ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան հետեւող վարչութիւններէն` նաւահանգիստի եւ օդակայանի վարչութիւններէն պահանջեց տնօրինել այնպիսի քայլեր, որոնք հեզասահ կը դարձնեն նաւթահորի պեղման գործընթացը:

Ան հաստատեց, որ նաւահանգիստն ու օդակայանը, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ են իրենց դրական ներդրումն ու դերակատարութիւնը ունենալու այս մարզին մէջ:

Լա Մարթինեզ իր կարգին շեշտեց, որ իրենց նախատեսութեամբ սեպտեմբեր ամսուան աւարտին պիտի սկսի թիւ 9 նաւթահորի պեղումը:

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ գերիշխանական սնտուկ մը ստեղծելու կարելիութիւնը, որ կը վերաբերի լիբանանեան ջուրերէն նաւթ եւ բնական կազ արտահանելու համար սկսելիք աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

Վրոնեցքա Այցելեց Պքերքէ Եւ Վարչապետարան

Յաջորդը

Դրամատուները Իրենց Դռները Վերստին Պիտի Փակեն 14 Մարտ 2023-Էն Սկսեալ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.