Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Իշխող Կուսակցութիւնը Խորհրդարանէն Ետ Վերցուցած Է Օտարերկրեայ Գործակալներու Մասին Աղմկայարոյց Օրինագիծը

March 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բողոքի զանգուածային ցոյցերէն ետք Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութիւնը որոշած է խորհրդարանէն ետ վերցնել օտարերկրեայ գործակալներու մասին աղմկայարոյց օրինագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ օրինագիծը նախաձեռնող «Ժողովուրդի իշխանութիւն» հասարակական շարժումը զայն ետ վերցնելու մասին միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են:

«Օրէնքի նախագիծին փակցուած է «ռուսական օրէնք» կեղծ պիտակը, անոր առաջին ընթերցումով որդեգրումը հանրութեան մէկ մասին աչքին ներկայացուած է իբրեւ շեղում եւրոպական ուղղութենէն», յայտարարեցին անոնք` աւելցնելով. «Վրաստանը պիտի պահպանէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը եւ պիտի շարունակէ արժանապատուօրէն շարժիլ դէպի Եւրոպա, ինչ որ վրացական հասարակութեան սկզբունքային ընտրութիւնն է»:

Երկու օր շարունակ Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած էին լայնածաւալ ցոյցեր, որոնց ընթացքին տեղի ունեցած էին անկարգութիւններ ու իրաւապահներու հետ բախումներ:

Բողոքի ցոյցերուն մասնակիցները դէմ էին առաջին ընթերցումով որդեգրուած «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի նախագիծին, համաձայն որուն, օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալներ կը նկատուին իրաւաբանական այն անձերը, որոնց տարեկան եկամուտներուն 20 առ հարիւրէն աւելին կը ստացուի արտասահմանէն:

Իշխող կուսակցութիւնը եւ օրինագիծի հեղինակները կը պնդէին, որ նախագիծին միակ նպատակը լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման թափանցիկութեան ապահովումն է, մինչդեռ նախագիծի ընդդիմախօսները միաձայն կը յայտարարէին, որ օրինագիծը ուղղակիօրէն կը շեղի արեւմտամէտ ընթացքէն եւ կը ծառայէ մէկ նպատակի` Վրաստանին չարտօնել ստանալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ, ինչ որ Վրաստանի սահմանադրութեան խախտում է:

Վրացական ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ իրենք չեն վստահիր «ռուսական» երազանքին (իշխող ուժը կը կոչուի «վրացական երազանք», «Ա.») եւ պիտի չդադրեցնեն ցոյցերը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիան ոչ մէկ կապ ունի Վրաստանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն առիթ դարձած օրինագիծին հետ:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Ռուսիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացումը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.