Սերպիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան պարտութեան մատնեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցը` Ահմետ Ահմետ-Զատան եւ ապահովեց մրցաշարքի իր 2,5 կէտը:
Անոր նման յաղթանակներ արձանագրեցին եւ նոյնքան կէտ ունեցան Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Էմին Յովհաննիսեան:
Իր արձանագրած երկու յաղթանակէն ետք, Գաբրիէլ Սարգսեան, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Դաւիթ Փարաւեանի հետ: Անոնք երկուքն ալ ունին 2,5-ական կէտ:
11 յառաջատարները ապահոված են 3-ական կէտ:


