Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Նանթը, անոր դէմ արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (12-րդ), Ժաուեն Հաժամ (17-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), փորթուգալցի Տանիլօ Փերէյրա (60-րդ) եւ Քիլիան Էմպափէ (90+2-րդ):
Իր նշանակած այս կոլին շնորհիւ, 24 տարեկան ֆրանսացի Էմպափէ դարձաւ փարիզեան ակումբին բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը:
247 մրցումի ընթացքին ան նշանակելով իր 201-րդ կոլը, այսպիսով գերազանցեց ակումբի նախկին մրցանշակիր, ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանիի անցեալին հաստատած մրցանիշը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 63 կէտ, իր ունեցած 8 կէտի առաւելութիւնը պահեց իր անմիջական մրցակիցին` Մարսէյի վրայ, որ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Ռեննի դաշտէն:
Մրցումին 57-րդ վայրկեանին պոսնիացի Սէատ Քոլազինաք նշանակեց Մարսէյի կոլը:


