Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա-Լիկա») 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Վալենսիան, անոր դէմ արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը:
Մրցումին 15-րդ վայրկեանին, քաթալոնական կազմին կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Ռաֆինիա, որ փոխանցում մը ստացաւ սպանացի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթցէն:
55-րդ վայրկեանին անոր խմբակից սպանացի յառաջապահ Ֆերան Թորես իր կազմին շնորհուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Իսկ 59-րդ վայրկեանին Պարսելոնային մաս կազմող ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պարսելոնա այժմ 9 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ երկրին գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտը, որ Ռէալ Պեթիսի դաշտին վրայ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այլ մրցումի մը, Աթլեթիքօ Մատրիտ (3-րդ) 6-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սեւիլլային:
Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին Մեմֆիս Տեփայ (23-րդ եւ 26-րդ) եւ Ալվարօ Մորաթթա (76-րդ եւ 90+2-րդ), մինչ կոլի մը հեղինակ դարձաւ ֆրանսացի Անթուան Կրիզման (53-րդ):
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Պարսելոնա ունի 62 կէտ, Ռէալ Մատրիտ` 53 կէտ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ` 45 կէտ:


