Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի յետսապահ Սերճի Ռոպերթօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց անոր խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2024 թուականը, մինչ նոր հրաժարագինը կը կազմէ 400 միլիոն եւրօ:
31 տարեկան Ռոպերթօ, որ Պարսելոնայի սան է, խումբին գլխաւոր կազմին հետ իր նորամուտը նշեց 2010-ին:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


