Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 79.800 լ. ոսկի է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջուն ջոկատ մը Ատայսէէն մինչեւ Ֆաթիմայի դարպասը երկարող զինուորական ճամբան ստուգեց:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն է միակը, որ կը պաշտպանէ հայրենիքը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Դիմադրութեան առանցքին հետեւորդ անհատ մը հանրապետութեան նախագահ ընտրուի: Ան նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիա կը մերժէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը օրինաթիւ պիտի ապահովէ` աւելցնելով, որ թող երկու կողմերը հրամմեն ու ներկայանան խորհրդարան, եւ իւրաքանչիւրը փորձէ իր թեկնածուին համար 65 քուէ ապահովել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ֆիրաս Համտան շեշտեց, որ ինք օրինական բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ` ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին դէմ` վերահաստատելով, որ ան ոչ մէկ իրաւունք ունի մաքսային տոլարը իր անձնական որոշումով բարձրացնելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ անիկա երկխօսութեան հրաւէր է` համաձայնելու համար անձնաւորութեան մը շուրջ, որ ոչ ոքի համար ընդվզեցուցիչ է եւ կարողութիւն ունի ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ բոլորին հետ խորհրդակցելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ այսօրուան իրենց դիմագրաւած տագնապները հաշուետուութիւն են բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն թշնամի Իսրայէլը նահանջի մատնելու իրագործումին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք չեն հաստատած, որ նախագահական ընտրութեան նիստին պիտի մասնակցին մէկ թեկնածուով` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը փաստած է իր ատակութիւնը, «սակայն հանրապետութեան նախագահութիւնը նաեւ այլ տուեալներ կը պարունակէ», աւելցուց ան:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ քաջաբար եւ ինքնավստահօրէն ետ մղեց թշնամի Իսրայէլը: Միւս կողմէ, ան հաւանական նկատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը որդեգրելը անոր անունը այրելու նպատակով է, որպէսզի կարելի ըլլայ երրորդ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա, անդրադառնալով մաքսային տոլարի արձանագրած յաւելումին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին ըսաւ. «Օրէնքներ կը հրապարակես այնպէս, ինչպէս նոր ժամանակներու կայսրը ըլլաս»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ պէտք է ընտրեն լիբանանցիները եւ ոչ թէ արտաքին ուժեր կամ երկիրներ:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Վետոմոսթի»-ի. Ասատ Մարտի Կէսերուն Պիտի Այցելէ Ռուսիա

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Յաջողեցան Կասեցնել 160.000 «Քեփթակոն» Դեղահատ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.