Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Նկատի Ունենալով, Որ Պասիլ Չի Փափաքիր Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Ապա Նախագահական Ընտրութեան Մեր Թեկնածուն Սլէյման Ֆրենժիէն Է»

March 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիրաւորի օրուան եւ Դիմադրութեան գերեվարուած ազատամարտիկներու մեծարանքին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Իսրայէլի մէջ արձանագրուած բոլոր զարգացումները այդ գոյացութեան աւարտի ցուցանիշներն են:

Ան նկատել տուաւ, որ թշնամին կը կարծէ, թէ գերեվարուած մարտիկներուն ուղղուած մահապատիժի սպառնալիքը զանոնք պիտի վախցնէ եւ պատճառ պիտի դառնայ, որ այլ գործողութիւններու չնախաձեռնեն: «Մինչդեռ գերեվարուած մարտիկները մահապատիժի ենթարկելու օրէնքը պիտի քաջալերէ պաղեստինցի երիտասարդները եւ ամրապնդէ անոնց հաւատքը, արիութիւնն ու յանդգնութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք կարիք չունին սիոնական գոյացութեան վայրագութիւնը փաստելու: «Երբ կը խօսինք Հաուուարա գիւղաքաղաքի պատահարին եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին դիմագրաւած տառապանքին մասին, մենք գիտենք, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը, սակայն այս ճշմարտութիւնը պէտք է իմանայ նաեւ աշխարհը` բնակեցուածներուն եւ սիոնականներուն մասին», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով կիրակի օրուան եւ անկէ շաբաթներ առաջ լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանային շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպերուն` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իսրայէլացիները կը փորձեն մեթրերով ներթափանցել լիբանանեան հողեր:

«Մենք ականատես եղանք անզէն երիտասարդներու, որոնք իսրայէլացի զինուորներուն դէմ դրին եւ արգիլեցին անոնց յառաջխաղացքը, մինչեւ լիբանանեան բանակին դէպքի վայր ժամանումը եւ լիբանանցի զինուորներուն` իրենց զէնքը իսրայէլացի զինուորներուն դէմքին բարձրացնելը, որպէսզի ետ մղեն անոնց արձանագրած թափանցումը: Արդեօք այդ քայլը կարելի կ՛ըլլա՞ր առնել, եթէ Լիբանան իսկապէս Իսրայէլի յարձակումները հակակշռելու ուժը չունենար», հարց տուաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Իսրայէլի յարձակումները հակակշռելու Լիբանանի իսկական ուժը կը կայանայ «Ժողովուրդ, Բանակ, Դիմադրութիւն» տարազին մէջ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պիտի չթուլնայ եւ Լիբանանի ցամաքային սահմաններէն թիզ մը իսկ պիտի չզիջի:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի հանրապետութեան նախագահ ընտրել եւ ոչ թէ նախագահական դատարկութեան փուլը պահել` շեշտելով, որ նախագահական ընտրութիւնը ազգային շահ է:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն, որ արտաքին ուժերն ու երկիրները Լիբանանի վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրեն:

«Կը մերժենք այս կամ այն թեկնածուին վրայ պարտադրուած արտաքին վեթոները, ըլլայ ան իրենց թեկնածուն թէ այլ, բայց եւ այնպէս կ՛ընդունինք օժանդակութիւնը` լիբանանեան տարբեր ուժերու տեսակէտները կամրջելու», նշեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իրան եւ Սուրիա Լիբանանի նախագահական ընտրութեան միջամուխ չեն դառնար` աւելցնելով, որ իրենք շրջանային կամ միջազգային համաձայնութիւններու չեն սպասեր, այլ` տիւ ու գիշեր կ՛աշխատին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով:

«Իրանի հիւլէական թղթածրարը շրջանին հետ ոչ մէկ կապ ունի, իսկ եթէ իրանեան-ամերիկեան համաձայնութեան պիտի սպասէք, ապա 100 տարուան սպասում կայ, իսկ ո՛վ որ իրանեան-սէուտական համաձայնութեան մը կը սպասէ, ապա ան շատ երկար պիտի սպասէ», ընդգծեց Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա առաջարկեց, որ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ յայտարարէ իր թեկնածուին անունը, եւ բոլորը ուղղուին խորհրդարան` ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, առանց օրինաթիւը խախտելու:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ չկայ թեկնածու մը, որուն անունը ըլլայ Հըզպալլայի թեկնածուն` դիտել տալով, որ նման անուանում մը պատճառ կը դառնայ, որ տուեալ թեկնածուն ձախողի:

Այս շրջագիծին մէջ ան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ կայացած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են այն չափանիշերը, որոնք Հըզպալլա կը փնտռէ նախագահի մը մէջ: «Այս առումով համաձայնութիւն գոյացած է մեր միջեւ սկսած քննարկումը շարունակելու: Սակայն նկատի ունենալով, որ Պասիլ չի փափաքիր իր թեկնածութիւնը առաջադրել, ապա նախագահական ընտրութեան մեր թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն է», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան յայտնեց, որ իրենք 6 փետրուար 2006-ին Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին գործադրութեան յանձնառու կը մնան` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցութիւնը փոխըմբռնումի համաձայնագիրէն հրաժարիլ չի նկատուիր:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանան կարիքը ունի հանդարտութեան, երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան, այլապէս` ան պէտք է սորվի նախագահական դատարկ դրութեան հետ ապրիլ:

Նախորդը

Միքաթի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ Եւ Նախագահեց Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզին Վերաբերող Ժողովի Մը

Յաջորդը

Քվին. «Խոստացած Եմ Կարելիս Ընել Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Եւ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.