Պաքու կը պահանջէ «հայկական զինեալ ուժերը անյապաղ դուրս բերել Արցախէն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ազրպէյճան հայկական կողմը մեղադրած է երէկ տեղի ունեցած միջադէպին համար, որուն պատճառով երկու կողմերն ալ զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցած են:
«Նման յարձակումն ու սադրանքները ցոյց կու տան, որ Հայաստան չէ հրաժարած Ազրպէյճանի նկատմամբ իր բռնագրաւումի քաղաքականութենէն, որ խաղաղութեան օրակարգի վերաբերեալ Հայաստանի տեսակէտները ոչ այլ ինչ են, քան կեղծաւորութիւն», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Պաքուի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ անհրաժեշտ է սահմանային հսկողութեան դրութեան կիրարկում:


