Դրամատուներու միութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դրամատուներու միութիւնը որոշած է իր գործադուլը բեկանուած պահել մինչեւ 10 մարտ 2023-ի երեկոյ:
Դրամատուներու միութիւնը ողջունեց 28 փետրուար 2023-ին Ընդհանուր դատախազութեան հրապարակած զոյգ որոշումները եւ վերահաստատեց դրամատուներուն պահանջները, որոնք են.
Ա.- Չափանիշերու հաւասարեցումը, ինչպէս նաեւ օրէնքը բոլորին վրայ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու իմաստով:
Բ.- Սրբագրել կարգ մը դրամատուներու եւ դրամատուներու սեփականատէրերու դէմ տրուած դատական որոշումները, որոնց հիման վրայ անոնց կալուածները գրաւուած են, եւ ոմանք ճամբորդութեան իրաւունքէ զրկուած:
Գ.- Ստուգել դրամատան դէմ դատական հարց յարուցած հաշիւ ունեցող քաղաքացիին ինքնութիւնը:
Դ.- Յանձնառու մնալ հետաքննութեան գաղտնիութեան, որ օրէնքով պարտադրուած է:
Պետութենէն պահանջել, որ աւարտեն տնտեսական մարզի ապաքինման ծրագիրի մշակումը եւ այդ ծրագիրին հիման վրայ ճշդեն ելեւմտական մարզի հաւասարակշռութիւնն ու դրամատուներու վերադասաւորումը: Այս բոլորը պէտք է կատարուի, որպէսզի Կեդրոնական դրամատունը իր կարողութիւնները վերահաստատէ եւ դրամատուներուն վերադարձնէ իր մօտ պահ դրուած գումարները, որպէսզի անոնք իրենց կարգին քաղաքացիներուն վերադարձնեն անոնց իրաւունքները:


