Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսի Իրանի կառավարութեան հետ վարած է բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրի վերականգնման կարելիութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հաղորդագրութեան համաձայն, իրանեան կողմը համաձայնած է արտօնել միջազգային գործակալութեան ստուգել եւ վերահսկել հիւլէական կառոյցները:
Իրան արտօնութիւն տուած է մուտք գործել երեք հիւլէական կառոյցներ: Կողմերը համագործակցութեան հետագայ ծրագիրները պիտի քննարկեն Թեհրանի մէջ կայանալիք հանդիպումի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային: Ճշգրիտ թուականը չի նշուիր:
Կրոսի հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հաստատած է Իրանի պատրաստակամութիւնը հիւլէական կառոյցներու հսկողութեան համար տեսախցիկներ եւ այլ սարքեր տեղադրելու: Ան վստահեցուցած է, որ կողմերը այս հարցին մէջ յարաբերութիւններու «յստակ բարելաւման» հասած են:


