Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ինքնորոշման Իրաւունքի Վերարծարծման Ծալքերը

March 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնը  գրաւած է բոլոր լուսարձակները: Երկար ատենէ ի վեր միջազգային նման մակարդակէ  ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրաւադրոյթը չէր հնչած. յատկապէս` 44-օրեայ պատերազմէն ետք:

Ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի բարձրաձայնումը եւ զայն հաւասարազօր նկատելը` տարածքային ամբողջականութեան հիմնադրոյթին, ըստ էութեան ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի հիմնարար սկզբունքներու կարեւորագոյն եռակէտին կ՛անդրադառնայ: Աւելի մասնակի` մատրիտեան սկզբունքներուն, ուր փոխզիջման առանցքային բանաձեւը հիմնուած էր կարգավիճակ` տարածքներու դիմաց յարաբերակցութեան վրայ, նկատի առնելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները:

44-օրեան իրողապէս տապալեց բանակցային այս դրուածքը, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմը խորքին մէջ չէզոքացուց, չըսելու համար` չեղարկեց, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի եռանախագահական միջնորդութիւնը` անհնարին դարձնելով Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի համատեղ գործակցութիւնը:

Հիմա Գերմանիոյ վարչապետը կը վերարծարծէ այն սկզբունքները, որոնց շուրջ կ՛աշխատէին ԵԱՀԿ-ն ու Մինսքը:

Դժուար է եզրակացնելը, որ նման յայտարարութեամբ Պերլինը կ՛ուզէ վերագործարկել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի ձեւաչափը` աւանդական հասկացողութեամբ: Գերմանիան ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ճարտարապետներէն է եւ գործնապէս կը սատարէ տարածաշրջանէն ռուսական գործօնի դուրսմղման աշխարհաքաղաքականութեան:

Ուրեմն յայտարարութիւնը պէտք է փորձել դիտարկել ԵՄ-ի առած քայլերու ընդհանուր տրամաբանութեան պարունակին մէջ:

Այսպէս` «Սթաթուս քոն (գոյավիճակը) չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ` ի բարօրութիւն մարդկանց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են»:

Ներկայ գոյավիճակը անընդունելի է Գերմանիոյ վարչապետին համար: Ագուցելով այս հաստատումը արծարծուած հիմնական սկզբունքին` ինքնորոշման իրաւունքին, նման անընդունելիութիւն կը վերաբերի Շուշիի եւ Հադրութի բռնագրաւումին, քանի որ ինքնորոշման տարածքը ԼՂԻՄ-ն է:

Գերմանական եւ եւրոմիութենական հայեցակէտը կրնայ, այս իրողութեան առընթեր, այլ բան եւս յուշել: Գոյավիճակի ստեղծման հիմքը հրադադարի յայտարարութիւնն է, ուր յստակ է հիմնական ճարտարապետը, միջնորդը, երաշխաւորը: Մանաւանդ` խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնողը: Պաշտօնական Պերլինը այս ձեւով անընդունելի կը նկատէ նաեւ այսօրուան գոյավիճակի հիմնական երաշխաւորին դերակատարութեան շարունակութիւնը: Յայտարարութեան մղիչ գործօնի տեսանելիութիւնը աւելի կը յստականայ այս ձեւով:

«Անհրաժեշտ է հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան»-ը կ՛ենթադրէ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններ: Բնականաբար Պերլինի ներկայացուցիչը կողմ է պրիւքսելեան բանակցութիւններուն, որոնք առայժմ կ՛ընթանան Մոսկուայի միջնորդութեան զուգահեռ, եւ որոնք վաղը կրնան ուղղակի հակադրուիլ այսօրուան գոյավիճակի խաղաղապահութիւնը ստանձնողին:

Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծումը նշաձողի ճիշդ աստիճանաչափի վերաճշդումն է Գերմանիոյ կողմէ: Գերմանիան ԵՄ-ի ընդհանուր քաղաքականութեան համահունչ յայտարարութիւն կատարած է: Հայկական կողմը անպայման պէտք է հաշուարկէր, որ աշխարհաքաղաքական բախումնային կէտերու մէջ ինքնորոշման իրաւունքի առաջադրանքը կրնար վերայայտնուէր իբրեւ երկարատեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու իրաւադրոյթ, հաւասարազօր, ըստ Գերմանիոյ ներկայացուցիչին, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: Առ այդ,   աճապարանքը` յայտարարելու, թէ միջազգային հանրութիւնը հայկական կողմէն կ՛ակնկալէ նշաձողի իջեցում, նուազագոյն ըսելաձեւով քաղաքականօրէն սխալ քայլ է:

Երէկ լրատուական շրջանառութեան մէջ երեւցաւ նիւթ, ուր կ՛ըսուէր, որ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերի տեղակալը յայտարարած էր, թէ Արցախի հարցով Գերմանիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած: Գերմանիան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին ամբողջականութիւններու սկզբունքին վրայ կոչ կ՛ընէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին խաղաղօրէն լուծելու հակամարտութիւնը: Այս յայտարարութիւնը մինչեւ երէկ երեկոյ կը բացակայէր Գերմանիոյ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքերէն: Չի բացառուիր, որ փոխբանբերը նման յստակացում կատարած ըլլայ ի պատասխան լրագրողի մը հարցումին:

Շոլցի յայտարարութիւնը կրկնուելու պարագային ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի վերարծարծման քայլին մէջ կ՛արձանագրուի համատեղում ԵՄ-ի եւ հայկական կողմի շահերուն: Այդ պարագային, յայտարարութիւնը հայկական կողմին համար յաղթաթուղթի հանգամանք կրնայ ունենալ, գիտակցելով, որ գերմանական հայեցակէտը այստեղ ռուսական գործօնով ստեղծուած գոյավիճակը մերժելն է եւ գոյավիճակի երաշխաւորին դուրս մղումը Հարաւային Կովկասի  գործընթացներէն: Աշխարհաքաղաքական բախման այս կէտերը նկատի ունենալով է, որ հայկական կողմը պարտի կիրարկել շատ նուրբ դիւանագիտութիւն` հետագայ ցնցումներէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար:

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Կողմէ Հրադադարի Խախտումները Կը Վկայեն Բերձորի Միջանցքի Ապաշրջափակման Չկամութեան Մասին»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 102-ի Լուծում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.