Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մեկնաբանած Է Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը

March 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է 1 մարտին Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու միջեւ կայացած հերթական հանդիպումը` նշելով, որ անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծման համար:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական բնոյթի հարցեր` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան պարունակին մէջ: Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ տարբեր մակարդակով նման հանդիպումներ կատարուած են բազմիցս` թեքնիք, մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերու քննարկման նպատակով:

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին վերաբերող հարցեր հանդիպման մասնակիցները չեն քննարկած: Հանդիպումէն ետք ազրպէյճանական կողմի կատարած մեկնաբանութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ: Արցախի Հանրապետութիւնը կը պահպանէ յանձնառութիւնը իր ժողովուրդի` ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղիի ընտրութեան, որ ամրագրուած է 1991 թուականի հանրաքուէին ժամանակ:

Անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծման համար: Կը մեկնինք միջազգային միջնորդական ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութենէն` իբրեւ խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան կարեւոր երաշխիք: Կրկին կ՛ընդգծենք, որ Արցախի Հանրապետութեան այն դիրքորոշումը, որ Ազրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի ապօրինի կիրարկման արդիւնքները չեն կրնար մեկնակէտ ըլլալ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին, կը մնայ անփոփոխ»:

Նախորդը

Փարիզ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Մէջ «Յարգելու Միջազգային Օրէնքը»

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Ձեւաւորուած Է Միջկուսակցական Համակարգող Մարմին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.