Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 88.700 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.599.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.638.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.521.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.072.000 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան վերաբերող բանակցութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Թարրաֆ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կողմէ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնական Մուսթաֆա Պայրամ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մեկնարկը կատարեց յաւելուածի մը, որ կ՛արտօնէ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն իմանալ իրենց իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մասին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ուղղուեցաւ Թունուզ, ուր պիտի մասնակցի արաբ ներքին գործոց նախարարներու 40-րդ խորհրդաժողովին: Կը նախատեսուի, որ Մաուլաուի այսօր Լիբանանի խօսքը ուղղէ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Լիբանանի իրավիճակը կարելի պիտի չըլլայ բարելաւել առանց բարի կամեցողութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն հետ քննարկեց Իտալիոյ Ծերակոյտի մէկ պատուիրակութեան Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` մարտ ամսուան ընթացքին:

Քննարկուեցան նաեւ ներքին լիբանանեան շարք մը հարցեր:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Մըրատ յայտնեց, որ յանձնախումբը կառավարութենէն թիւեր պահանջած է` իմանալու համար կրթական մարզին մէջ արձանագրուած մսխումներուն մանրամասնութիւնները: Ան շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ հաշիւները կորսուած են: Անդրադառնալով արտաքին օժանդակութիւններուն` Մըրատ յայտնեց, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնները ուղարկուած են դպրոցները նորոգելու նպատակով, «հետեւաբար կարելի չէ այդ գումարները այլ նպատակի համար օգտագործել», ըսաւ ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Քերիմ Քապպարա ողջունեց լիբանանեան բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, որոնք կրցան ձերբակալել Զահլէի մէջ Միշել Մախխուլը առեւանգողները, ինչպէս նաեւ բացայայտել շէյխ Ահմետ Ռիֆային սպաննող ոճրագործներն ու ձերբակալել զանոնք: Ան հաստատեց, որ Լիբանանը քաոսէ պաշտպանելու գրաւականները հաստատութիւններն են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանը փրկութեան ուղիին վրայ զետեղելու միակ ձեւը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է:

 

Նախորդը

Չինաստան Հերքած Է Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի Նախարարութեան` «Քորոնա»-ի Տարրալուծարանային Ծագման Մասին Վարկածը

Յաջորդը

Շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի Սպանութեան Հետաքննութեան Հետեւող Յանձնախումբը Կը Պահանջէ Այդ Թղթածրարը Փոխանցել Դատական Գերագոյն Ատեանին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.