Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Եւ Պաքու Արձագանգած Են Լա Հէյի Դատարանի Որոշումներուն

February 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան կ՛ողջունէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հրատապ քայլերու կիրարկման մասին միջնորդութիւններու վերաբերեալ որոշումները: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Հայաստան ուշադիր պիտի հետեւի կացութեան եւ դատարանին պիտի տեղեկացնէ Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ խախտումի մասին, մինչ Հայաստանի հայցը ընդդէմ Ազրպէյճանի կը շարունակուի:

«Միջազգային գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղենք գործնական քայլերու ձեռնարկելու` ապահովելու Ազրպէյճանի կողմէ դատարանի որոշման անյապաղ իրականացումը», շեշտած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաքու եւս հրապարակած է յայտարարութիւն մը` այսպէս մեկնաբանելով դատարանի որոշումը. «Դատարանը իր վճիռին մէջ ի գիտութիւն ընդունած է Ազրպէյճանի յայտարարութիւնը, որ երկիրը ձեռնարկած է եւ կը պարտաւորուի իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ շարունակել ձեռնարկել բոլոր քայլերը` Լաչինի ճամբով անվտանգ երթեւեկը ապահովելու եւ 10 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմանները կատարելու համար»:

Նշենք, որ դատարանը բաւարարեց Հայաստանի ժամանակաւոր քայլ կիրարկելու պահանջը եւ պարտաւորեցուց Ազրպէյճանը մինչեւ Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով վերջնական որոշումի կայացումը ձեռնարկելու բոլոր քայլերը` երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը:

Լա Հէյի դատարանը միաձայնութեամբ մերժեց միջանկեալ քայլ կիրարկելու Ազրպէյճանի դիմումը: Պաքուն միջազգային ատեանէն պահանջած էր Հայաստանին պարտաւորեցնել «վերջ տալ ականապատումներուն ու Լաչինի միջանցքով ականներ փոխադրելուն»:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական կողմի դիմումին առնչուող որոշումին` այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ այս ձեւով «Հայաստանը պարտաւոր է զերծ մնալ կացութեան սրումէն` համաձայն դատարանի նախորդ` 7 դեկտեմբեր 2021-ի որոշումին», ինչ որ Պաքուն կ՛ողջունէ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ դատարանի որոշումը` վերատեսութեան չենթարկելու իր նախկին եզրակացութիւնը, որ Հայաստանի կողմէ «ականներու տեղակայումը» չի համապատասխաներ ժամանակաւոր քայլի կիրարկման հիմք ըլլալուն, ըստ էութեան հիմնաւոր որոշում չէ, եւ Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ փորձել Հայաստանը պատասխանատուութեան ենթարկել:

Նախորդը

«Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կատարել Թղթակցութիւն Մը» Եղաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթը

Յաջորդը

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Լաչինի Միջանցքի Հարցով Լա Հէյի Դատարանի Որոշումին Կատարումը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.