Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուներու Միութիւնը Մէկ Շաբաթով Ջնջեց Իր Գործադուլը` Ընդառաջելով Միքաթիի Փափաքին

February 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց դրամատուներուն յայտարարած գործադուլին վերջ տալու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Դրամատուներու միութեան օրինական ներկայացուցիչ Աքրամ Ազուրի յայտնեց, որ ընդառաջելով Միքաթիի փափաքին, զգալով տնտեսական դժուար պայմաններն ու ծառայելով պաշտօնեաներու շահերուն, Դրամատուներու միութիւնը մէկ շաբաթով ջնջեց իր գործադուլը:

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին Դրամատուներու միութիւնը գումարէ ժողով մը եւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ դրամատուներուն հետ սխալ վարուելակերպի սրբագրութեան լոյսին տակ որոշէ գործադուլը ջնջելու կամ վերականգնելու քայլը` նկատի ունենալով, որ Դրամատուներու միութեան գործադուլը ուղղակիօրէն կապուած էր դատական իշխանութեան վարուելակերպին:

Ազուրի նշեց, որ Դրամատուներու միութիւնը օրէնքին ենթակայ է` աւելցնելով, որ միութիւնը դատական եւ քաղաքական իշխանութիւնները տեղեակ պահած է, թէ իր դէմ մէկ տարիէ ի վեր բանեցուած օրինազանցութիւններէ կը տառապի, ու պահանջած սրբագրել այդ դրութիւնը:

Ազուրի նշեց, որ Դրամատուներու միութիւնը ջնջեց գործադուլը, որպէսզի պետական մարզն ու բոլորը լուծեն նիւթական իրենց հարցերը: Ան աւելցուց սակայն, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը եւ սրբագրեն օրինական խախտումները:

Նախորդը

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Միքաթիին Եւ Մաուլաուիին Հրաժարելու Իրենց Որոշումներէն

Յաջորդը

«Թէ Ինչպէ՛ս Կարելի Է Կատարել Թղթակցութիւն Մը» Եղաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.