Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Միքաթիին Եւ Մաուլաուիին Հրաժարելու Իրենց Որոշումներէն

February 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարին պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին հրաժարելու իրենց որոշումներէն, որոնք կը վերաբերին օրինական ձեւերու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւնը օրինազանցութիւններէ պահպանել:

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ Միքաթիի եւ Մաուլաուիի որոշումները խոցելի կը դարձնեն իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան սկզբունքը, որ կ՛ապահովէ բոլորին շահերը, ինչպէս նաեւ պետութեան գերագոյն շահերը:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի շեշտեց, որ Միքաթիի կողմէ Մաուլաուիին յղուած գիրը ապօրինի է, որովհետեւ անիկա ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օույէտաթի պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ Միքաթի պատրաստ է իր որոշումը յետս կոչելու, եթէ դատական իշխանութեան գործունէութիւնը համակարգուի:

Խուրի շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դատական իշխանութիւններու աշխատանքը պահպանելու:

Իր կարգին, Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի բոլոր անդամներուն եւ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիին ընդգծելով, որ անոնք իրենց որոշումով ու կեցուածքներով լիբանանցիներուն յոյս ներշնչած են` հաստատելով, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած ճգնաժամին, ծանր պայմաններուն ու դժուարութիւններուն, տակաւին կան դատաւորներ, որոնք տէրն են իրենց երդումին եւ կը հաւատան իշխանութիւններու անկախ գործունէութեան սկզբունքին, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Քաղաքական Գործունէութեան Մէջ Սնանկութեան Գագաթնակէտն Է, Երբ Վարչապետ Մը Ներքին Գործոց Նախարարէն Խնդրէ` Դատական Իշխանութեան Հրահանգները Չգործադրել»

Յաջորդը

Դրամատուներու Միութիւնը Մէկ Շաբաթով Ջնջեց Իր Գործադուլը` Ընդառաջելով Միքաթիի Փափաքին

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.