Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցող Սթրանջայի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի խումբը տիրացաւ իր երկրորդ մետալին:
92 քկ դասակարգի մրցումներուն, աշխարհի փոխախոյեան Դաւիթ Չալոյեան, որ աւարտականին մրցեցաւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Նիքիթա Փութիլովի դէմ, տպաւորիչ յաղթանակով մը հռչակուեցաւ ախոյեան:
Նախապէս, Հայաստանի համար առանց մրցում կատարելու պրոնզ մետալ մը ապահոված էր Գուրգէն Մադոյեան` նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը իր ստացած վնասուածքին պատճառով, հրաժարած էր մենամարտէն:


