Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.484.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.520.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.417.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 975.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 6:23-ին Սայտայի հանդիպակաց ծովուն մէջ արձանագրուած է 3,6 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: Երկրաբանական կեդրոնին համաձայն, նախանցեալ գիշեր ժամը 18:43-ին եւս արձանագրուած է երկրաշարժ մը` 3,5 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ, հարաւային Լիբանանի ծովային շրջանին մէջ: Իսկ երեկոյեան ժամը 18:58-ին արձանագրուած է 3,6 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ այլ երկրաշարժ մը` Պէյրութէն 73 քմ հեռաւորութեան վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ ժողովի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 28 փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար շարք մը օրինագիծեր:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ մէկ տարիով երկարաձգեց «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու տնօրէնութիւններուն պաշտօնավարութիւնը: Քըրըմ հաստատեց, որ հաղորդակցութեան մարզը շատ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ, ինչպէս նաեւ աշխուժ ներդրում ունի տնտեսութեան մարզը բարելաւելու առումով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Ալի Համիէ երէկ ուղղուեցան Անգարա: Անոնք հանդիպումներ պիտի ունենան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի, ինչպէս նաեւ կարգ մը թուրք պատասխանատուներու հետ` Թուրքիոյ երկրաշարժին պատճառած զոհերուն առիթով ցաւակցութիւն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու առանձին եւ անկախ գործելաձեւի սկզբունքին: Խուրի հաստատեց, որ դատական իշխանութեան գործերուն կարելի չէ միջամուխ դառնալ` աւելցնելով, որ ինք բացարձակ կերպով յանձնառու կը մնայ դատական իշխանութեան վարկին, դիմադրողականութեան եւ դատավարութեան ենթարկուողներուն իրաւունքներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի կողմէ յղուած գիրերը իշխանութիւններու անկախ գործունէութեան սկզբունքի խախտում են եւ միջամտութիւն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտելէն առաջ` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կայ խմբաւորում մը, որ կը մերժէ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի ընտրութիւնը: Հետեւաբար ներքին առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահ ընտրելու կարելիութիւնները աւելի մեծ են: Ուահապ նկատել տուաւ, որ իր հաշիւներով Ֆրենժիէ 65 քուէ ունի արդէն եւ կարելի է զայն հանրապետութեան նախագահ ընտրել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի գիրերը իշխանութիւններու անկախ գործունէութեան սկզբունքին դէմ հասցուած ծանր հարուածներ են:

 

Նախորդը

Պոկտանով. «Աշխատանք Կը Տարուի Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մասնակցութեամբ Ժողով Կազմակերպելու»

Յաջորդը

Դատախազ Համուշ Ռիատ Եւ Ռաժա Սալամէները Ամբաստանեց Դրամի Լուացումի Եւ Այլ Յանցանքներով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.