Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Տնտեսական Մարզի Տոլարայնացումը Կը Հաստատէ Ինքզինք, Լիբանանցիները Դարձեալ Սարսափի Կը Մատնուին` Երկրաշարժի Յետցնցնումներուն Պատճառով

February 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցիները նախանցեալ գիշեր դարձեալ զգացին Ալեքսանտրէթը հարուածած երկրաշարժին յետցնցումը, որուն պատճառով սարսափահար լքեցին իրենց բնակարանները եւ ուղղուեցան բացօթեայ տարածքներ, ուր քանի մը ժամ մնալէ ետք ոմանք վերադարձան իրենց բնակարանները, իսկ ուրիշներ գիշերեցին հոն` իրենց ինքաշարժներուն մէջ:

Ի տես սարսափին եւ ստեղծուած իրարանցումին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի որոշեց 21 փետրուար 2023-ին փակել դպրոցներն ու համալսարանները` թելադրելով, որ կրթական այդ կառոյցները ենթարկուին ճարտարապետական քննութեան, եւ ստուգում կատարուի երկրաշարժի ցնցումէն յառաջացած ճեղքերուն եւ շէնքերուն տոկունութեան գծով:

Հալապի յորդորեց բոլորը ուղղուելու քաղաքապետարան եւ ճարտարապետական օժանդակութիւն խնդրելու` ճշդելու համար խախուտ նկատուող կրթական որեւէ հաստատութեան վիճակը:

Լիբանանի Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 4:23-ին Սայտայէն 64 քմ անդին հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած է 4 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը:

Նոյն կեդրոնին համաձայն, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Սայտայէն 70 քմ անդին հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած է 3,5 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը:

Լիբանանցի երկրաբան Թոնի Նըմըր յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի երկրաշարժային գօտիի վրայ, եւ այդ պատճառով ցնցումները կը զգացուին:

Ան հաստատեց նաեւ, որ լիբանանցիները պէտք է հանդարտ մնան, որովհետեւ պատահած երկրաշարժները Լիբանանէն հեռու են:

Նըմըր ընդգծեց, որ իրեն համար յաջորդ օրը սովորական օր է, եւ մարդիկ պէտք չէ փողոցներուն կամ կառատուներուն մէջ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ գիշերեն:

Երկրաբանութեան գիտահետազօտող Սամիր Զաաթիթի իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան հեռու կը գտնուի երկրաշարժը հարուածած վայրէն` աւելցնելով, որ Լիբանան հեռու է երկրաշարժային գօտիէն:

Միւս կողմէ, տնտեսական մարզի եւ լիբանանեան ամբողջ շուկային տոլարայնացումը կը հաստատէ ինքզինք, մինչ դրամատուներն ու Կեդրոնական դրամատունը կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ եւ իրարու կ՛ամբաստանեն տարբեր տեսակի յանցանքներով: Աւելի՛ն. դրամատուները կը շարունակեն փակ պահել իրենց դռները:

Այս իրականութեան դիմաց դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները կը հաստատեն, որ իրենք պատրաստ չեն իրենց գումարները զիջելու` հաստատելով, որ պիտի շարունակեն պահանջել իրենց իրաւունքը:

Երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու ելեւմտական սուր տագնապին լոյսին տակ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց պետական մարզին վրայ ելեւմտական տագնապին հետեւանքները փարատելու յատուկ նախարարական յանձնախումբի ժողովին:

Ժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլին յանձնել պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի եւ փոխադրածախսի յաւելումի կարելիութիւնները քննելու պարտականութիւնը:

Խալիլի կատարելիք այս աշխատանքին լոյսին տակ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ նիստ մը եւ վաւերացնէ որոշումը:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Պէտք Է Անմիջապէս Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Էլիաս Մըր

Յաջորդը

Վաքըֆ Գիւղը Մեծ Վնասներ Կրած Է Նախանցեալ Օրուան Երկրաշարժներէն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.