Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 15 մարտ 1962 )

March 15, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Սրտապնդիչ Երեւոյթներ

Պէյրութի հայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի իշխանական նուիրատուութիւնը, ժողովրդային լայն խաւերու մէջ ստեղծած խանդավառութեամբ եւ ջերմ համակրանքով, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու բարերարութեան, ազգաշէն նուիրաբերութեան հանդէպ հայ ժողովուրդի դրական կեցուածքը, որ նուիրատու յարգելի անձին հետ, կ՛երթայ նաեւ զայն այդ ազնիւ շարժոյթին մղող հոգեկան բարձր արժանիքներուն:

Պետականութենէ զուրկ մեր ժողովուրդը, իր պատմական հողերուն վրայ թէ արտասահմանի մէջ, եթէ հիացումի արժանի կոթողներ կանգնեցուցած է` իբրեւ եկեղեցի, վարժարան եւ այլ հանրանուէր հաստատութիւն, այդ խրախուսիչ երեւոյթը գերազանցապէս կը պարտինք անկորնչելի արժէքներու եւ գործերու հանդէպ մեր ժողովուրդի ազնուագոյն զաւակներու խոր գիտակցութեան, որուն շօշափելի արտայայտութիւնները հանդիսացած են, դարերու ընթացքին, անոնց մեծարժէք նուիրատուութիւնները:

Սուրէն Խանամիրեանի թանկագին նուիրատուութիւնը վերջինն է երկար եւ փայլուն շարքի մը, որուն շնորհիւ, յատկապէս վերջին քառասնամեակի ընթացքին, տարագիր հայութիւնը, արտասահմանի հիւրընկալ երկիրներու մէջ, կրցաւ իր ազգային ու կրթական մտահոգութիւնները բառնալ, համայնքային զօրաւոր կեանք ստեղծել եւ հայապահպանման ճակատին վրայ ամուր կռուաններ հաստատել:

Մեր խօսքը մասնաւորելով լիբանանահայ գաղութին` հպարտութեամբ կարելի է ըսել, թէ այսօր ունինք միլիոններու արժէք ներկայացնող ազգապատկան կալուածներ, որոնց բոլորն ալ ազգին սեփականութիւնը դարձած են շնորհիւ մեծասիրտ բարերարներու եւ հայ ժողովուրդին, որ միշտ իր սրտաբուխ լուման նետած է ազգային գանձարանին մէջ, ամէն անգամ որ դիմում եղած է իրեն` նուիրական գործի մը համար:

Սուրէն Խանամիրեանի նուիրատուութեամբ կրթական ճակատին վրայ նոր բերդ մը պիտի կառուցուի, հայապահպանման պայքարի նոր ազդակ մը պիտի աւելնայ, հայեցի դաստիարակութեան նոր օճախ մը պիտի կերտուի, արդիական մանկավարժութեան պահանջած բոլոր յարմարութիւններով:

Գերազանցապէս հայեցի իր նկարագիրով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ կից կառուցուելիք Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը ոչ միայն նոր թափ պիտի տայ կրթական ընդհանուր գործին, այլ նաեւ պիտի լրացնէ խոշոր պակաս մը, քոլեճական իր կրթութեամբ:

Այս առթիւ, անկարելի է չյիշել Լիբանանի հայոց ժրաջան առաջնորդը` Խորէն արք. Բարոյեանը, որ շինարար առաջնորդի իր կոչումը առաւելագոյն չափով արդարացուցած է միշտ, քաջալերելով բարերարութիւնը եւ մեր ունեւոր հայրենակիցներու մօտ տրամադրութիւն ստեղծելով դէպի եկեղեցին եւ դպրոցը:

Շինուելիք վարժարանէն անդին ու անկէ վեր, նոյն ատեն կ՛ուզենք շեշտել իմաստը շարժոյթին, զոր առանց վարանումի իշխանական կոչեցինք: Ս. Խանամիրեանի նուիրատուութիւնը կ՛ըլլայ այնպիսի պահու մը, երբ ազգային կրթական ճակատին վրայ պէտք ունինք նոր գրգիռի մը, նոր մղումի մը` կարենալ մրցելու համար օտար հաստատութիւններու հետ, որոնք ամէն դիւրութիւն եւ առաւելութիւն կ՛ընծայեն աշակերտութեան, նոյն ատեն իրենց հրապուրիչ խայծերով:

Կարեւորն ու հիմնականը ոչ թէ բարձրացուելիք շէնքն է` իբրեւ կառոյց, այլ այն ոգին, որ տիրապետող կը հանդիսանայ մեր ունեւոր դասին եւ ժողովուրդին մէջ` իրենց պատկանած ազգին հանդէպ պարտաճանաչութեան գիտակցութեամբ:

Վստահ ենք, որ այդ նոյն ոգին` հայու ոգին, վարակիչ պիտի ըլլայ բոլորին համար եւ պիտի յայտնուին նոր բարերարներ կոթողական նոր գործերու համար, կոթող մըն ալ իրենք մնալով հայոց պատմութեան մէջ:

Նման խրախուսիչ եւ սրտապնդիչ երեւոյթներ աւելի եւս կը զօրացնեն մեր հաւատքը հանդէպ հայ ժողովուրդին, որ անմահութեան ճամբաներուն վրայ կը քալէ ինքնավստահ` շնորհիւ նուիրաբերութեան իր բնածին արժանիքներուն, որոնք կը լուսաւորեն անոր հորիզոնը:

Նախորդը

«Թէեւ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Ուղղեց Պատմական Սխալը, Սակայն Սարքոզի Ատկէ Ետք Աւելի Վտանգաւոր Կեցուածք Որդեգրեց» Կ՛Ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ե՞րբ Եւ Ինչպէ՞ս…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։