«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 21 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ-Նափոլի մրցումը:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումին, Ինթեր Միլան կը հիւրընկալէ Փորթոն, մինչ Լայփցիկ` Մանչեսթըր Սիթին:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ «Փարք տը Փրենս»-ի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին միակ կոլը 53-րդ վայրկեանին նշանակեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քինկզլի Քոման, որ սակայն չտօնեց իր կոլը` նկատի ունենալով, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի սան է:
Այսպիսով, Ֆրանսայի ախոյեանը, իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Գերմանիոյ ախոյեանէն, որ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ Պենժամին Փաւար կորսուած վայրկեաններուն (90+2-րդ) կարմիր քարտ մը ստացաւ (երկու դեղին քարտ):
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան, որ հիւրընկալեց Թոթենհամը, անոր դէմ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ սպանացի Պրահիմ Տիասի նշանակած կոլին (7-րդ):
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երկու մրցումներուն, Ֆ. Ք. Պրիւժ Պելճիքայի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց փորթուգալեան Պենֆիքայէն, մինչ Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յաղթեց անգլիական Չելսիին:


