Նախորդ շաբաթավերջին Սոլթ Լէյք Սիթի հիւրընկալեց «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի «Օլ Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ճիաննիս Անթեթոքունմփոյի խումբը (արեւելեան շրջան) եւ Լեպրոն Ճէյմսի խումբը (արեւմտեան շրջան):
Մրցումին յաղթականը եղաւ Ճիաննիսի խումբը, որ արձանագրեց 184-175 արդիւնքով յաղթանակ մը (46-46, 53-46, 59-49 եւ 26-34):
Ամէնէն շատ կէտը նշանակեց յաղթական կազմէն Ճէյսըն Թաթում (55), մինչ անոր խմբակից Տոնովան Միչել տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (40 կէտ եւ 10 էսիսթ):
Լեպրոնի խումբէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին Ճէյլըն Պրաուն (35 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Քիրի Իրվինկ (32 կէտ եւ 15 էսիսթ):
Նշենք, որ Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող Լեպրոնի համար ասիկա հանդիսացաւ անոր արհեստավարժ ասպարէզին 19-րդ «Օլ Սթար»-ի մրցումը:
Այսպիսով, ան կրկնեց Քարիմ Ապտիւլ Ժապպարի մրցանիշը:


